Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Յառաջիկայ Մայիսին Փաշինեան-Փութին Բանակցութիւններ Նուրսուլթանի Մէջ

Յառաջիկայ Մայիսին Փաշինեան-Փութին Բանակցութիւններ Նուրսուլթանի Մէջ

by MassisPost

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը երկկողմ բանակցութիւններ պիտի իրականացնեն 29 Մայիսին Ղազախստանի մայրաքաղաք Նուրսուլթանի մէջ (նախկին Աստանա), ուր նախատեսուած է իրականացնել Եւրասիական տնտեսական միութեան յոբելեանական գագաթնաժողովը՝ նուիրուած կառոյցի ստեղծման 5-րդ տարեդարձին։ Ուրբաթ օր Ս. Փեթերսպուրկի մէջ Հայաստանի Ազգային ժողովի խօսնակ Արարատ Միրզոյեանի հետ հանդիպման ժամանակ այդ մասին ըսած է Ռուսաստանի խորհրդարանի վերին պալատի՝ Դաշնութեան խորհուրդի ղեկավար Վալենթինա Մաթվիենքօն։

Անոր խօսքով՝ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ քաղաքական փոխգործակցութիւնը շատ արդիւնաւէտ կ’ընթանայ։ «Անցեալ տարի մեր երկիրներու ղեկավարները հանդիպած են 7 անգամ, մշտական շփման մէջ են, պարբերաբար հեռախօսազրոյցներ կ’ունենան»- Միրզոյեանի հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է Մաթվիենքօն։

Ան նշած է, որ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի ղեկավարները երկկողմ հանդիպում իրականացնելու հնարաւորութիւն պիտի ունենան նաեւ 1 Հոկտեմբերին Երեւանի մէջ, ուր նոյնպէս պիտի իրականացուի Եւրասիական տնտեսական միութեան գագաթնաժողովը։

Վերջին անգամ Հայաստանի վարչապետը Ռուսաստանի նախագահին զանգած էր 1 Ապրիլին եւ որոշ մանրամասներ յայտնած Վիեննայի մէջ 29 Մարտին Ատրպէյճանի նախագահին հետ ունեցած բանակցութիւններուն մասին:

Եւրասիական տնտեսական միութեան մէջ նախագահութիւնը այս տարի ստանձնած է Հայաստանը, եւ Նիկոլ Փաշինեանը այս կազմակերպութեան անդամ երկրի առաջին ղեկավարն է, որ այցելած է Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի գրասենեակ Մոսկուայի մէջ՝ այս տարուան Յունուարին:

Ազգային ժողովի խօսնակ Արարատ Միրզոյեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը արդէն Ռուսաստանի հիւսիսային մայրաքաղաքը կը գտնուի, ուր կ’իրականացուի Անկախ պետութիւններու համագործակցութիւն (ԱՊՀ) միջխորհրդարանական հերթական հաւաքը:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment