Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայկական Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Հերթը Ամերիկայինն է

Հայկական Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Հերթը Ամերիկայինն է

by MassisPost

Հայկական Ցեղասպանութեան 104-ամեակի նախօրեակին արձանագրուեցան երկու կարեւոր իրադարձութիւններ: Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յարգելով իր խոստումը, ստորագրեց Ապրիլի 24-ը Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման օր հռչակելու մասին հրամանը: Այս ուղղութեամբ կարեւոր քայլ մը առաւ նաեւ Իտալիոյ Պատգամաւորներու պալատը` ընդունելով բանաձեւ մը, որ կոչ կ՛ընէ երկրի կառավարութեան պաշտօնապէս ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ անոր տալ միջազգային հնչեղութիւն:

Ամերիկեան Գոնկրէսէն ներս շրջագայութեան մէջ դրուած է Հայկական ցեղասպանութեան նոր բանաձեւ մը, որու տակ արդէն իսկ ստորագրած են Ներկայացուցիչներու Տան աւելի քան 70 անդամներ: Այս բանաձեւը Գոնկրէսի օրակարգէն ներս առնուելու պարագային, մեծ է հաւանականութիւնը որ ան արժանանայ մեծամասնութեան հաւանութեան:

Անցեալին Ցեղասպանութեան բանաձեւերը ներառուած են Գոնկրէսի օրակարգի վրայ, սակայն Սպիտակ Տան եւ Պետական քարտուղարութեան բանեցուցած ճնշումներու պատճառաւ, վերջնական քուէարկութիւն տեղի չէ ունեցած: Բացատրութիւնը միշտ ալ եղած է նոյնը՝ չվտանգել Ամերիկա-Թուրքիա բազմաշերտ եւ ռազմավարական կարեւորութիւն ներկայացնող յարաբերութիւնները:

Այս օրերուն սակայն, Թուրքիոյ հետ Միացեալ նահանգներու յարաբերութիւնները կը գտնուին ամենէն ցած կէտի վրայ ու կ՛անցնին մեծ տագնապներէ: Բազմաթիւ հարցերու մէջ երկու երկիրները կը գտնուին հակադիր դիրքերու վրայ: Հայկական ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի վաւերացումը չի կրնար մեծ ազդեցութիւն ունենալ արդէն իսկ անկումի մէջ գտնուող երկկողմ յարաբերութիւններուն վրայ: Անցեալին առաջ մղուած պատճառաբանութիւնները այս օրերուն ի զօրու չեն եւ ժամանակը եկած է որպէսզի Կեդրոնական կառավարութիւնը հետեւելով 49 նահանգներու օրինակին վաւերացնէ Հայկական ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը եւ գայ միանալու եւրոպական այն երկիրներու շարքին, որոնք վերջին տարիներուն անտեսելով Թրքական բոլոր սպառնալիքները դիրքորոշուեցան պատմական արդարութեան կողքին:

Հերթը հասած է Ամերիկային՝ տէր կանգնելու իր դաւանած բարձր սկզբունքներուն՝ պաշտօնապէս ճանչնալով Հայոց ցեղասպանութիւնը:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment