Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ Քոնկրէսականներ Ծիծեռնակաբերդի մէջ Յարգանքի Տուրք Մատուցած են Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին

ԱՄՆ Քոնկրէսականներ Ծիծեռնակաբերդի մէջ Յարգանքի Տուրք Մատուցած են Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին

by MassisPost

Հայաստան այցելած ԱՄՆ քոնկրէսականները ՀՀ Ազգային Ժողովի պատգամաւորներ, Հայաստան-ԱՄՆ բարեկամական խումբի անդամներ Գայեանէ Աբրահամեանի եւ Յովհաննէս Յովհաննիսեանի ուղեկցութեամբ Ապրիլ 17-ին այցելած են Ծիծեռնակաբերդի 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր:

Այս մասին կը յայտնեն Ազգային ժողովի մամլոյ ծառայութենէն, նշելով, որ Ներկայացուցիչներու պալատի ժողովրդավարական գործընկերութեան յանձնախումբի անդամ քոնկրէսականները ծաղիկներ  խոնարհած են Մեծ եղեռնի յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակին մօտ, լռութեամբ յարգած Սուրբ նահատակներու յիշատակը:

USACongress19-07

Անոնք այցելած են Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ, ծանօթացած 20-րդ դարու առաջին արհաւիրքը հաւաստող վաւերագիրներուն, դիտած ցուցանմուշները, գրառում կատարած «պատուաւոր հիւրերու» յուշամատեանին մէջ:

USACongress19-08

Թանգարան-հիմնարկի տնօրինութիւնը քոնկրէսականներուն նուիրած է Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ անգելէն լեզուով գիրքեր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment