Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ Վրաստանի Նախագահը Ջաւախահայերուն Վրացերէն Սորվելու Կոչ Ըրած է

Վրաստանի Նախագահը Ջաւախահայերուն Վրացերէն Սորվելու Կոչ Ըրած է

by MassisPost

Ախալքալաք կատարած այցի շրջածիրէ ներս Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլին ջաւախահայերուն վրացերէն սորվելու կոչ ըրած է:

«Ես շատ կ’ուզեմ, որ թէ դուք եւ թէ ձեր երեխաները Վրաստանի լիիրաւ քաղաքացիներ դառնաք: Այդ իսկ պատճառով ես այդքան ջանք գործադրեցի, որպէսզի Վրաստանի մէջ օրինականացուի երկքաղաքացիութիւնը: Այդ լրացումը տեղ գտաւ Սահմանադրութեան մէջ, եւ այսօր իւրաքանչիւրը կրնայ վերականգնել իր վրացական քաղաքացիութիւնը: Անոր համար դուք պէտք է մէկ քայլ կատարէք` սորվիք պետական լեզուն: Լեզուին տիրապետէք գոնէ այնպիսի համեստ մակարդակով, որ կարենաք յանձնել այն փոքրիկ քննութիւնը, որով կ’ուղեկցուի քաղաքացիութեան վերականգնման գործընթացը: Այդ խորհրդանշական է բայց շատ կարեւոր», – յայտարարած էր Վրաստանի նախագահը:

Սալոմէ Զուրապիշվիլին Ախալքալաք ժամանած էր մայրենի լեզուի օրուայ տօնակատարութեան առթիւ:

Այցի ընթացքին ան մասնակցած է նաեւ Ախալքալաքի մշակոյթի տան պատին վրացական այբուբէնի տառերը պատկերող յուշարձանի բացման:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment