Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Մոսկուայի Մէջ տեղի ունեցած են Ղարաբաղեան Խնդրի Կարգաւորման Նուիրուած Փակ Բանակցութիւններ

Մոսկուայի Մէջ տեղի ունեցած են Ղարաբաղեան Խնդրի Կարգաւորման Նուիրուած Փակ Բանակցութիւններ

by MassisPost

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած են ղարաբաղեան խնդրի կարգաւորման նուիրուած շարք մը փակ հանդիպումներ. առաւօտեան նախ հանդիպած են Հայաստանի եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարները, այնուհետեւ կայացած են Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմ ձեւաչափով բանակցութիւնները, որուն այնուհետեւ միացած են նաեւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներ Իկոր Փոփովը (Ռուսաստան), Էնտրիւ Շոֆըրը (ԱՄՆ), Սթեֆան Վիսքոնթին (Ֆրանսա) եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփշիքը։

Մինչ այդ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահները եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչը ընդունած էր Ռուսաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Կրիկորի Քարասինը։

Ռուսական արտաքին քաղաքականութեան գերատեսչութեան տարածած կարճ հաղորդագրութեան համաձայն, Քարասինի հետ հանդիպման ժամանակ քննարկուած է բանակցային գործընթացի ներկայիս փուլն ու համանախագահող երեք երկիրներու ջանքերու համակարգումը։

Աւելի վաղ ռուսական ԹԱՍՍ գործակալութիւնը գրած էր, որ այս հանդիպումը կ’իրականացուի Ատրպէյճանի եւ Հայաստան ղեկավարներու՝ Վիեննայի մէջ 29 Մարտին կայացած «առաջին պաշտօնական բանակցութիւններու լոյսի ներքոյ»։

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գերատեսչութիւններու ղեկավարներու յառաջիկայ հանդիպման մասին յայտնի դարձած էր Վիեննայի մէջ 29 Մարտին կայացած հանդիպումէն անմիջապէս ետք։ Իսկ  Ապրիլ 6-ին Մոսկուայի մէջ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ ունեցած բանակցութիւններէն ետք Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը յայտարարած է, որ հանդիպումը Մոսկուայի մէջ պիտի կայանայ եռակողմ ձեւաչափով՝ Մնացականեանի հետ հանդիպման ներկայ պիտի ըլլայ նաեւ Սերկէյ Լաւրովը։

Յիշեցնենք՝ Վիեննայի մէջ կայացած բանակցութիւններէն ետք նախ Հայաստանի վարչապետը զանգած էր Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինին եւ ներկայացուցած բանակցութիւններու ընթացքը, իսկ յաջորդ օրը Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը զանգած էր Փութինին։

Լաւրովը հանդիպման կը մասնակցի որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահող երկրի արտաքին գործոց նախարար, հանդիպման նախօրէին յայտարարած էր Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Աննա Նաղտալեանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment