Ազգային ժողովի (ԱԺ) «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր, ԱԺ պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ, պաշտպանութեան նախկին փոխնախարար Անդրանիկ Քոչարեանը կը հերքէ այն տեղեկութիւնները, ըստ որոնց՝ 1999 թուականի Հոկտեմբեր 27-ին տեղի ունեցած սպանութիւններու իրագործումը ինքը վերագրած է Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինին ու ռուսական յատուկ ծառայութիւններուն։
«Այդպիսի անհեթեթ բան պետական կառոյցները երբեւիցէ իրենց թոյլ տալ չեն կարող, որովհետեւ ո՛չ քննութիւնն է աւարտուել 27-ի հետ կապուած,, ոչ էլ կարելի է նախաքննական մարմնի նիւթերի արանքում էդպիսի ենթադրութիւններ անել»,- ընդգծած է ան։
Քոչարեանը ըսած է, որ «Հոկտեմբեր 27»-ի կապակցութեամբ եղած են հնչեցուած տեսակէտներ, տարբեր վերլուծութիւններ, իսկ պաշտօնական տեսակէտ, որքանով տեղեակ է, յայտնած է Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւններու Միութեան (ԽՍՀՄ) եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան պետական անվտանգութեան փոխգնդապետ Ալեքսանտր Լիթվինէնկօն (ԽՍՀՄ Պետական անվտանգութեան կոմիտէի, Ռուսաստանի Դաշնութեան Դաշնային հակահետախուզական ծառայութեան եւ ՌԴ Անվտանգութեան դաշնային ծառայութեան աշխատակից, կազմակերպուած յանցագործութեան դէմ յատուկ պայքարի խումբի նախկին անդամ), այն ալ Անգլիա եղած ժամանակ։
Իսկ Հայաստանի Հանրապետութենէն որեւէ պաշտօնական յայտարարութիւն չէ եղած, եւ իրեն կապուող տեղեկութիւնները պատգամաւորը որակած է որպէս սադրիչ, որոնք ուղղուած են հայ-ռուսական ռազմավարական յարաբերութիւնները փչացնելու նպատակով։
Իսկ «Հոկտեմբեր 27»-ի հետ կապուած, Քոչարեանի խօսքով, իր պահանջը եղած է միայն այն, որ նոր հանգամանքներու ի յայտ գալու եւ հնարաւորութեան պարագային պետութիւնը պէտք է «27»-ը կրկին քննութեան առարկայ դարձնէ։
« «Հոկտեմբեր 27»-ի հետ կապուած ես մեղադրանք միշտ հնչեցրել եմ պարոն Ռոպերթ Քոչարեանի ուղղութեամբ այն մասով, որ երբեւիցէ մեզ համար հասկանալի չի եղել պարոն Ռոպերթ Քոչարեանի եւ Նայիրի Յունանեանի այդ օրուայ հանդիպման ե՛ւ դրդապատճառները, ե՛ւ քննարկուած նիւթը»,- առանձնացուցած է ան՝ նշելով իր այն ցանկութիւնը, ըստ որու՝ այդ հանգամանքի ուսումնասիրութեան վրայ ուշադրութիւն դարձուէր։
Քոչարեանին կը հետաքրքրէ, թէ 1999 թուականի Հոկտեմբեր 27-ին ինչ խօսած են այն ժամանակուայ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը եւ Նայիրի Յունանեանը փակ դռներու ետին, որովհետեւ այդպիսի հանդիպում, ինչպիսին տեղի ունեցած է նախագահի եւ ահաբեկիչի միջեւ, աշխարհի մէջ չի կրնար գոյութիւն ունենալ։ «Դրանք կա՛մ լինում են երրորդ մասնակցի ներկայութեամբ, կա՛մ անվտանգութեան բացառիկ միջոցառումների շրջանակում»,- եզրափակած է ան: