Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի ԱԳՆ Խօսնակը Արձագանգած է Միջազգային Գործընկերներու Յայտարարութիւններուն

Հայաստանի ԱԳՆ Խօսնակը Արձագանգած է Միջազգային Գործընկերներու Յայտարարութիւններուն

by MassisPost

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակը արձագանգած է Երեւանի մէջ հաւատարմագրուած որոշ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու անունով տարածուած յայտարարութիւններուն, որոնց մէջ, մասնաւորապէս, յորդոր կայ դատապարտել ատելութեան խօսքը։

«Տեղեակ ենք այդ յայտարարութիւններից, որտեղ արտայայտուած էր մտահոգութիւն Հայաստանի հասարակական կեանքում տեղ գտած քննարկումների առնչութեամբ եւ անդրադարձ էր կատարւում ՀՀ-ի միջազգային պարտաւորութիւններին», – ըսուած է ԱԳՆ մամուլի քարտուղար Աննա Նաղտալեանի յայտարարութեան մէջ։

«ՀՀ կառավարութիւնն ամբողջովին հաւատարիմ է մարդու իրաւունքների պաշտպանութեան եւ խրախուսման իր պարտաւորութիւններին։ Հայաստանում տեղի ունեցած ոչ բռնի ժողովրդավարական յեղափոխութիւնը լաւագոյնս փաստում է, որ մարդու իրաւունքները, որպէս կանոն, արդիւնաւէտօրէն գործում են, եթէ մաս են դառնում հասարակական համաձայնութեան եւ ընկալւում են, որպէս համընդհանուր հասարակական եւ բարոյական արժէքներ», – յայտարարած է Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան խօսնակը՝ շարունակելով. – «Ուստի, այս ծիրէն ներս մեր միջազգային գործընկերները պէտք է առաւել յարգանք եւ զգայունութիւն ցուցաբերեն հայկական հասարակութեան հանդէպ եւ ձեռնպահ մնան հասարակական քննարկումների անհարկի ուղղորդումից, եթէ անգամ նրանք համաձայն չեն դրանց թոնայնութեան հետ։ Կ’ուզենայինք յիշեցնել, որ հասարակական բարոյականութեան սկզբունքը մաս է կազմում մարդու իրաւունքների միջազգային պարտաւորութիւններին, եւ դրանք չեն կարող անտեսուել։ Իրենց հերթին, ՀՀ իշխանութիւնները չեն հանդուրժելու որեւէ անօրինական գործողութիւն եւ շարունակելու են պաշտպանել բոլոր քաղաքացիների սահմանադրական իրաւունքները»։

Յիշեցնենք, որ  Հայաստանի մէջ Եւրոպական միութեան պատուիրակութիւնը եւ Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած ԵՄ անդամ պետութիւններու դեսպանութիւնները համատեղ յայտարարութիւն տարածած էին՝ Հայաստանի մէջ բոլորին յորդորելով դատապարտել ատելութեան խօսքը, եւ կոչ ընելով իրաւապահ մարմիններուն՝ ձեռնարկել անյապաղ քայլեր Հայաստանի քաղաքացիներու ֆիզիքական անվտանգութեան երաշխիքներու ապահովման ուղղութեամբ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment