Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Փաշինեանը կը Ձգտի Ատրպէյճանի Հետ Բանակցութիւնները Շարունակել Մաքուր Էջով. Թաթուլ Յակոբեան

Փաշինեանը կը Ձգտի Ատրպէյճանի Հետ Բանակցութիւնները Շարունակել Մաքուր Էջով. Թաթուլ Յակոբեան

by MassisPost

«Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ձգտում է Ատրպէյճանի հետ բանակցութիւնները շարունակել մաքուր էջից», – ըսած է «Սիվիլնեթ»-ի մեկնաբան Թաթուլ Յակոբեանը՝ արձագանգելով Փաշինեանի ըրած յայտարարութեան, թէ ինքը բանակցութիւնները սկսած է ոչ թէ Սերժ Սարգսեանի, այլ իր սեփական կէտէն։

«Ես բանակցութիւնները սկսել եմ ոչ թէ Սերժ Սարգսեանի կէտից, այլ իմ սեփական կէտից: Սա շատ կարեւոր նրբութիւն է», – ըսած էր վարչապետը:

Թաթուլ Յակոբեանի կարծիքով, ե՛ւ Վիեննայի հանդիպման, ե՛ւ անկէ առաջ արդէն ակնյայտ էր, որ Փաշինեանը «շուռ է տուել խաղատախտակը»․ – «Եւ ուզում է նոր   «ռաունտ» սկսել Ատրպէյճանի հետ, որտեղ պէտք է լինեն կարեւոր յստակեցումներ: Եւ երկու յստակեցումները վերաբերում են հետեւեալին. առաջին, բանակցութիւնները եթէ շարունակուելու են Մատրիտեան սկզբունքների հենքով, ապա էնտեղ պէտք է այդ երեք սկզբունքներն ու վեց տարրերի հետ կապուած ինքնակամ մեկնաբանութիւններ չլինեն, յստակ պէտք է հասկանանք, թէ խօսքը ինչի մասին է: Երկրորդ պահը այն է, որ Փաշինեանը փորձում է վերականգնել այն ձեւաչափը, որը գործել է 92-97 թուականներին», – «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ նշած է «Սիվիլնեթ»-ի մեկնաբանը։

Տարիներ շարունակ ղարաբաղեան հիմնախնդիրը լուսաբանած Թաթուլ Յակոբեանի կարծիքով՝ սեփական օրակարգով ներկայանալը արդէն նորոյթ է բանակցութիւններուն մէջ: Այլ բան է, որ Հայաստանի վարչապետը կրնայ երթալ սեփական օրակարգով, սակայն չի կրնար պարտադրել այն Ատրպէյճանին եւ միջազգային հանրութեան։

«Կարելի է ասել, որ նա գնացել է իր օրակարգով, նոր օրակարգով: Արդեօ՞ք դրան կը համաձայնի Ատրպէյճանը, Ատրպէյճանը ի՞նչ նոր առաջարկներ կ’անի, սա արդէն պէտք է ցոյց տայ բանակցութիւնների գործընթացքը, որին, յուսամ, մենք ականատես կը լինենք», – ընդգծած է Յակոբեանը։

Միւս կողմէն, ըստ Յակոբեանի, վարչապետ դառնալու առաջին շաբաթներէն սկսեալ Փաշինեանը կարեւորած է խաղաղութեան նպաստող մթնոլորտի ձեւաւորումը, ինչը դրական ազդեցութիւն ունեցած է գոնէ սահմանային միջադէպերու նուազեցման տեսանկիւնէն։ Սակայն, մեկնաբանի կարծիքով, Վիեննայի հանդիպումէն ետք, այնուամենայնիւ, կը նկատուի հռետորաբանութեան կոշտացում․ – «Պաշտպանութեան նախարարի յայտարարութիւնները ամերիկահայ համայնքի հետ հանդիպման ընթացքում: Ընդհանրապէս խնդրայարոյց է ոչ թէ Պաշտպանութեան նախարարի այդ խօսքը, բնական է, նա Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարն է: Խնդրայարոյց է, որ հակամարտութեան մէջ ներգրաւուած կողմերը տարբեր բառապաշարներ եւ տարբեր լեզուներ են օգտագործում իրենց ներքին լսարանի հետ շփուելու ժամանակ, իրենց սփիւռքի հետ շփուելու ժամանակ եւ թեթ-ա-թեթ բանակցութիւնների ընթացքում»:

Տօնոյեանի յայտարարութեան յաջորդած էր վարչապետ Փաշինեանի մեկնաբանութիւնը, թէ Տօնոյեանը նկատի ունեցած է՝ եթէ յանկարծ պատերազմ ըլլայ, մեր ձգտումը պէտք է ըլլայ յաղթել այդ պատերազմին։

Թաթուլ Յակոբեանի կարծիքով՝ Փաշինեանը աւելի ուշ փորձած է մեղմել Պաշտպանութեան նախարարի յայտարարութիւնը․ – «Այս պայմաններում, երբ տեղի է ունենում Վիեննայի հանդիպում, կողմերը խօսում են եթէ չասենք հնարաւոր առաջընթացի, ապա ցանկութեան մասին՝ լուծելու, կարգաւորում գտնելու, այսպիսի յայտարարութիւնները, բնականաբար, չեն նպաստում, եւ Ատրպէյճանը դա օգտագործելու է՝ ասելով, որ տեսէք, հայկական կողմից նման յայտարարութիւններ են հնչում, եւ արդէն ասել է այդ մասին: Ինչը եւ մենք ենք յաճախ անում»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment