Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՄ-ն Հայաստանի Մէջ Բոլորին կը Յորդորէ Դատապարտել Ատելութեան Խօսքը

ԵՄ-ն Հայաստանի Մէջ Բոլորին կը Յորդորէ Դատապարտել Ատելութեան Խօսքը

by MassisPost

ԵՄ-ն Հայաստանի մէջ բոլորին կը յորդորէ դատապարտել ատելութեան խօսքը, եւ կոչ կ’ընէ իրաւապահ մարմիններուն՝ ձեռնարկել անյապաղ քայլեր Հայաստանի քաղաքացիներու ֆիզիքական անվտանգութեան երաշխիքներու ապահովման ուղղութեամբ։

Հայաստանի մէջ Եւրոպական միութեան պատուիրակութիւնը եւ Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած ԵՄ անդամ պետութիւններու դեսպանութիւններու համատեղ յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս ըսուած է. – «Հայաստանի մէջ Եւրոպական միութեան պատուիրակութիւնը եւ Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած ԵՄ անդամ պետութիւններու դեսպանութիւնները խորապէս մտահոգուած են վերջին շրջանին տեղի ունեցող շարք մը դէպքերու առնչութեամբ, երբ Հայաստանի մէջ փոքրամասնութիւններու եւ իրաւապաշտպաններու նկատմամբ լուրջ սպառնալիքներ, այդ շարքին մահուան սպառնալիքներ հնչած են: Ատելութեան խօսքը, մահուան սպառնալիքները, որոնք ուղղուած էին Լիլիթ Մարտիրոսեանին, անոր գործընկերներուն եւ ամբողջ ԼԿՊԹ-ի համայնքին կը հանդիսանան այդ անհանգստացնող միտումներու ամենաթարմ դրսեւորումը եւ կը հանդիսանան խտրականութիւն, որ կ’արգիլուի Մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու պաշտպանութեան մասին Եւրոպական պայմանագրի դրոյթներով, որուն Հայաստանը մասնակից է, որ նաեւ արտացոլուած է ՀՀ Սահմանադրութեան մէջ:

ԵՄ-ն կը յորդորէ Հայաստանի մէջ բոլորին, որոնք կը խթանեն եւ կը հաւատան մարդու իրաւունքներու հիմնարարութեան սկզբունքին՝ դատապարտել ատելութեան խօսքը, եւ կոչ կ’ընէ իրաւապահ մարմիններուն՝ ձեռնարկել անյապաղ քայլեր ՀՀ քաղաքացիներու ֆիզիքական անվտանգութեան երաշխիքներու ապահովման ուղղութեամբ եւ քննութիւն իրականացնել ատելութեան յանցագործութիւններ հրահրելու մէջ կասկածուող անձանց դէմ ներկայացուած ենթադրեալ մեղադրանքներու վերաբերեալ»։

Նշենք, որ «Իրաւունքի կողմ» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Լիլիթ Մարտիրոսեանը անցած շաբաթ Ազգային ժողովէն ներս մասնակցած է ԲՀԿ-ական պատգամաւոր Նայիրա Զոհրապեանի ղեկավարած Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան յանձնաժողովի հրաւիրած լսումներուն: Ելոյթ ունենալով ԱԺ ամպիոնէն՝ Մարտիրոսեանը բողոքած է սեռական փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու ոտնահարումներէն եւ անոնց նկատմամբ խտրական վերաբերմունքէն:

Սեռափոխուածի ելոյթէն յանկարծակիի եկած Նայիրա Զոհրապեանը նկատողութիւն ըրած էր օրակարգէն դուրս թեմաներ քննարկելու համար, ապա դուրս հրաւիրած անոր նիստերու դահլիճէն:

Լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ անդրադառնալով տեղի ունեցածին, նախ այն քաղաքական սադրանք որակած է, ապա ըսած. – «Այն պահուածքը, որը ցուցաբերում է Ազգային ժողովի մարդու իրաւունքների պաշտպանութեան յանձնաժողովի նախագահը, դա ընդհանրապէս կասկածի տակ է դնում մարդու իրաւունքների վիճակը, եւ այս սադրանքի կազմակերպման արդիւնքում, կարծում եմ, որ ԲՀԿ-ն պէտք է մտածի՝ ընդհանրապէս իրենց ներկայացրած յանձնաժողովի նախագահն արդեօ՞ք  համապատասխանո՞ւմ է Մարդու իրաւունքների պաշտպանութեան յանձնաժողովի նախագահ լինելու համար անհրաժեշտ նուազագոյն չափանիշներին, թէ՞ ամբողջ խնդիրը նա է, որ սա քաղաքական սադրանք է, եւ թիրախներն ուղղել է «Իմ քայլը» խմբակցութեան դէմ»։

ԲՀԿ-էն արձագանքելով  Փաշինեանին ըսած են, որ Նայիրա Զոհրապեանը բարեխղճօրէն կատարած է իր աշխատանքային պարտականութիւնները եւ այդ իմաստով որեւէ հիմք չկայ անոր կարգավիճակը վերանայելու:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment