Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ-ի Աւելի Քան 70 Քոնկրեսական Միացած է Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ Նոր Բանաձեւ Ներկայացնելու Նախաձեռնութեան

ԱՄՆ-ի Աւելի Քան 70 Քոնկրեսական Միացած է Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ Նոր Բանաձեւ Ներկայացնելու Նախաձեռնութեան

by MassisPost

ԱՄՆ Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու պալատի աւելի քան 70 անդամ միացած է քոնկրեսականներ Ատամ Շիֆի եւ Կուս Պիլիրաքիսի՝ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ նոր բանաձեւ ներկայացնելու նախաձեռնութեան:

Նախագիծը միտուած է Հայոց ցեղասպանութեան հերքումը մերժելուն, ԱՄՆ կառավարութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչմանն ու յիշատակման, Հայոց ցեղասպանութեան մասին իրազեկուածութեան բարձրացման կարեւորութեան  նմանատիպ յանցագործութիւնները յետագային կանխելու առումով:

«Աւելի քան 100 տարի առաջ Օսմանեան Կայսրութիւնը հայ ժողովուրդի դէմ իրականացուցած է սպանութիւններու, բռնութիւններու ու տեղահանման դաժան արշաւ: 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութիւնը  խլած է 1,5 միլիոն մարդու կեանք: Ցեղասպանութիւնը անցեալի մասնիկ չէ, այլ միշտ գոյութիւն ունեցող սպառնալիք: Ցեղասպանութեան ժխտումը ոչ միայն կը շարունակէ վնաս հասցնել վերապրածներուն, այլ աւելի հաւանական կը դարձնէ անոր կրկնութիւնը այլ ժողովուրդներու նկատմամբ»,- ըսած է Ատամ Շիֆը՝ կարեւորելով Քոնկրեսի կողմէ պատմական փաստը ճանչնալու կարեւորութիւնը:

Կուս Պիլիրաքիսն ալ ընդգծած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը ԱՄՆ արտաքին քաղաքականութեան նոր ու համարձակ էջ պիտի դառնայ: Անոր խօսքով՝ ժամանակն է, որ ԱՄՆ դէմ հանդէս գայ Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment