Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Խորհրդարանը Առաջին Ընթերցմամբ Ընդունեց Քաղաքացիի Օր Սահմանող Օրինագիծը

Խորհրդարանը Առաջին Ընթերցմամբ Ընդունեց Քաղաքացիի Օր Սահմանող Օրինագիծը

by MassisPost

Խորհրդարանը հրատապ ռեժիմով քննարկած եւ 92 կողմ, 3 դէմ եւ 5 ձեռնպահ ձայներու յարաբերակցութեամբ առաջին ընթերցմամբ ընդունած է «Տօներու եւ յիշատակի օրերու» մասին օրէնքին մէջ լրացում կատարելու վերաբերեալ օրինագիծը, որու համաձայն Ապրիլի վերջին շաբաթ օրը պիտի նշուի որպէս Քաղաքացիի օր: Եթէ այդ օրը համընկնի Մայիս 1-ի հետ, ապա ըստ արդարադատութեան նախարար Արտակ Զեյնալեանի, «Քաղաքացիի օրը» կը նշուի Ապրիլի վերջին Կիրակի օրը:

Դէմ եւ ձեռնպահ քուէարկած պատգամաւորները ընդդիմադիր «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութենէն են: Ի դէպ, խմբակցութիւնը նախապէս այս օրինագծի համար ազատ քուէարկութիւն սահմանած է:

Անդրադառնալով արդէն հարցի քննարկման, թէ ինչու նման օր պէտք է ունենալ տօնացոյցին մէջ, նախարար Զեյնալեանը ըսած է, թէ տասնամեակներ շարունակ ժողովուրդը չէ կրցած ձեւաւորել օրինական օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւն, մինչդեռ անցած տարուան Ապրիլին ժողովուրդը յաջողեցաւ իշխանութիւնը վերադարձնել քաղաքացիին եւ այն պէտք է ամրագրուի: – «Գործադիր իշխանութիւնը գտնում է, որ այդ երեւոյթը անհրաժեշտ է ամրագրել որպէս տօն նաեւ այն նպատակով, որ այսուհետ Հայաստանում իշխանութիւնը պէտք է ձեւաւորի դրա տէրը՝ ժողովուրդը, քաղաքացին եւ պէտք է նշել Քաղաքացու տօնը», – յայտարարած է ան:

Յայտնի գործարար Գագիկ Ծառուկեանի ղեկավարած «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գէորգ Պետրոսեանը ըսած է, որ թէեւ իրենց խմբակցութիւնը սկզբունքօրէն կողմ է այսպիսի տօն ունենալու կառավարութեան առաջարկին, սակայն ըստ Պետրոսեանի, անհասկնալի է այս հարցի քննարկման հրատապութիւնը: – «Քաղաքացու օր ունենալն այդքան կարեւո՞ր հարց էր, որ խորհրդարանը դրան պէտք է անդրադառնար 24 ժամեայ հրատապ ռեժիմով», – հարցուցած է ԲՀԿ պատգամաւորը, շեշտելով, որ եթէ կառավարութիւնը քիչ մը ուշադիր ըլլայ, ապա աւելի յիշարժան օրեր կը գտնէ, ինչպիսին, օրինակ Ապրիլ 2-ն է՝ 2016-ի ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի օրը։

«Մենք սկզբունքօրէն դէմ չենք, բայց մենք էն կարծիքին ենք, որ քաղաքացու օրը պիտի լինի 365 օր, երբ ամէն օրը քաղաքացին իր երկրում պէտք է զգայ պաշտպանուած, յարգուած, ապահովուած եւ ընդամէնը ինչ-որ խորհրդանշական օր ընտրել ու ասել՝ այդ օրը քաղաքացու օրն է, էդ օրը քաղաքացին ծափահարելու է իր օրուայ առթիւ, երեւի թէ մի քիչ աւելորդ յոյս ենք փայփայում: Կառավարութեանը խորհուրդ եմ տալիս աւելի ուշադիր լինել եւ հրատապ ռեժիմով աւելի յիշարժան օրեր սահմանել», – նշած է Պետրոսեանը:

Իշխանական «Իմ քայլը» խմբակցութեան անունէն ելոյթ ունեցած է Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ալեն Սիմոնեանը՝ յորդորելով ընդդիմադիր ԲՀԿ խմբակցութեան պատգամաւոր Գէորգ Պետրոսեանին չլարել իրավիճակը, ինչէն ետք 2 պատգամաւորներու միջեւ վէճ ծաւալած է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment