Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ Ուաշինկթընի եւ Անգարայի Վէճը Սրած է

Ուաշինկթընի եւ Անգարայի Վէճը Սրած է

by MassisPost

ՆԱԹՕ-ի անդամներ Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն մէջ նոր լարուածութիւն առաջացած է:

Երկու դաշնակիցները  իրարու  կը մեղադրեն Սուրիոյ հարցով երկկողմ քննարկումներու արդիւնքները տարբեր տեսանկիւններէ մեկնաբանելու համար:

Բացի այդ, Ուաշինկթընը եւ Անգարան իրարամերժ մօտեցումներ ունին ռուսական արտադրութեան C-400 (S-400) հրթիռային համակարգեր գնելու Թուրքիոյ մտադրութեան վերաբերեալ:

Ամերիկացիները եւ թուրքերը չեն համաձայնեցուցած այդ հարցով աշխատանքային խումբ ստեղծելու առաջարկը: Միացեալ Նահանգները եւ ՆԱԹՕ-ի  շարք մը այլ անդամներ կտրականապէս դէմ են Անգարայի եւ Մոսկուայի այդ գործարքին:

Թուրքիան խստօրէն քննադատած է ՆԱԹՕ-ի հիմնադրման 70-ամեակի կապակցութեամբ Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած հանդիսաւոր հաւաքի ընթացքին պետական քարտուղար Մայք Փոմփէոյի եւ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի հանդիպման մասին պետական  բաժանմունքի  մեկնաբանութիւնը:

Ըստ պետական բաժանմունքին , Փոմփէօն ըսած է, թէ «Անգարային կը սպառնան աղէտալի հետեւանքներ, եթէ թուրքերը աւարտին հասցնեն ռուսական հրթիռները գնելու գործարքը, կամ սկսին նոր գրոհներ Սուրիոյ դէմ»:

Փոմփէօն նաեւ պահանջած է Անգարայէն «արագ լուծել Թուրքիոյ մէջ ապօրինաբար կալանաւորուած ԱՄՆ քաղաքացիներու հարցը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment