Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի Միջեւ Առեւտրաշրջանառութիւնը 2018-ին Աւելցած է 11,2 Տոկոսով եւ Կազմած 2 Միլիառ Տոլար

Հայաստանի եւ Ռուսաստանի Միջեւ Առեւտրաշրջանառութիւնը 2018-ին Աւելցած է 11,2 Տոկոսով եւ Կազմած 2 Միլիառ Տոլար

by MassisPost

4 Ապրիլին, Մոսկուայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան միջեւ տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովի համանախագահներ ՀՀ փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի եւ ՌԴ Փոխադրութեան նախարար Եւկէնի Տիթրիխի գլխաւորութեամբ կայացած է Հայ-ռուսական տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովի 19-րդ նիստը, որուն հայկական կողմէն մասնակցած են նաեւ Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանը, Փոխադրութեան, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու նախարար Յակոբ Արշակեանը եւ Ուժանիւթի ենթակառուցուածքներու եւ բնական պաշարներու նախարարի առաջին տեղակալ Գարեգին Բաղրամեանը:

Նիստի սկիզբը համանախագահները նշած են, որ երկու երկիրներու համապատասխան գերատեսչութիւններու կողմէ համատեղ իրականացուած աշխատանքի արդիւնքով նախորդ նիստի որոշումները ընդհանուր առմամբ կատարուած են:

Միջկառավարական յանձնաժողովի նիստի ընթացքին քննարկուած են երկկողմ համագործակցութեան զարգացման հնարաւորութիւնները բարձր արհեստագիտութիւններու, ռատիօ-ելեկտրական արդիւնաբերութեան, փոխադրութեան, սնունդի անվտանգութեան, առողջապահութեան, կրթութեան եւ գիտութեան ոլորտներու մէջ: Համանախագահները ընդգծած են, որ պէտք է յատկապէս ուշադրութիւն դարձնել զբօսաշրջութեան ոլորտի զարգացման, որ կը հանդիսանայ հայ-ռուսական առեւտրատնտեսական եւ մարդասիրական համագործակցութեան նշանակալի ուղղութիւն: Այդ նպատակով կարեւորուած է նիստէն ետք ստորագրուած 2019-2021 թուականներու համար համապատասխան գերատեսչութիւններու համագործակցութեան միջոցառումներու ծրագիրը:

Նիստի ընթացքին մասնաւորապէս համանախագահները գոհունակութեամբ փաստած են Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ փոխադարձ առեւտուրի ուղղութեամբ արձանագրուած դրական   շարժը ՝ նշելով, որ կողմերը պիտի շարունակեն իրականացնել համատեղ աշխատանքներ համագործակցութիւնը ընդլայնելու ուղղութեամբ: Երկու երկիրներու միջեւ առեւտրաշրջանառութիւնը 2018 թուականի տուեալներով կազմած է շուրջ 2 միլիառ ԱՄՆ տոլար եւ աւելցած է 2017 թուականի համեմատութեամբ 11,2 տոկոսով:

Առանձնակի կարեւորուած է Հայ-ռուսական գործարար խորհուրդ ստեղծելու գաղափարը, ինչը, ըստ համանախագահներու, պիտի նպաստէ երկու երկիրներու պիզնես համայնքներու արդիւնաւէտ համագործակցութեան խորացման, ինչպէս նաեւ պիտի ծառայէ որպէս պիզնեսի առջեւ ծառացած խնդիրներու եւ օրակարգային հարցերու բարձրաձայնման հարթակ:

Համանախագահները առանձնակի կարեւորած են միջտարածաշրջանային համագործակցութեան զարգացումն ու այդ գործընթացին մէջ հայ-ռուսական միջտարածաշրջանային ամենամեայ համաժողովի կազմակերպումը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment