Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ընկերային Ցանցերուն Վրայ Հրահրումներ եւ Կեղծ Լուրեր Տարածելը Ազգային Անվտանգութեան Խնդիր է. Փաշինեան

Ընկերային Ցանցերուն Վրայ Հրահրումներ եւ Կեղծ Լուրեր Տարածելը Ազգային Անվտանգութեան Խնդիր է. Փաշինեան

by MassisPost

Եթէ որոշ յանցաւոր շրջանակներ միլիոններ պիտի ծախսեն ընկերային ցանցերուն, լրատուամիջոցներուն, հասարակական կարծիքը շեղելու, հրահրումներ եւ  կեղծ     լուրեր   տարածելու   համար,  ապա այդ  մէկը ազգային անվտանգութեան խնդիր է, կառավարութեան նիստի ժամանակ յայտարարած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։

Դիմելով Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) տնօրէն Արթուր Վանեցեանին՝ Փաշինեանը յոյս յայտնած է, որ անոր ղեկավարած ծառայութիւնը այս հարցի վերաբերեալ կը կարողանայ ապահովել արդիւնքներ եւ կոշտ հակահարուած տալ, ի հարկէ, կասկածի տակ չդնելով խօսքի ազատութեան իրաւունքը:

«Այո՛, մեր երկրում խօսքի եւ տեղեկատւութեան ազատութիւնը երաշխաւորուած է, բայց, եթէ որոշ յանցաւոր շրջանակներ միլիոններ են ծախսելու սոցիալական ցանցերում, լրատուամիջոցներում՝ հասարակական կարծիքի մանիփուլացիաներ անելու համար, դա ազգային անվտանգութեան խնդիր է, եւ ես յոյս ունեմ, որ Ձեր ծառայութիւնը կը կարողանայ այս հարցում ապահովել յստակ արդիւնքներ», – ըսած է Փաշինեանը՝ շարունակելով. – «Սոցիալական ցանցերում կան ընդհուպ յեղափոխութեան դրօշներով հանդէս եկող կեղծ հաշիւներ, որոնք բռնութիւնների կոչեր են անում, ընդհուպ, այսպէս ասած, նախկին իշխանութեան ներկայացուցիչների հասցէին՝ ցոյց տալու համար, թէ դա իրօք մեր յեղափոխական շրջանակների հետ կապ ունի։ Էս կարգի մանիփուլացիաները պէտք է շատ կոշտ հակահարուած ստանան, եւ ես կարծում եմ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսդրութիւնը նման հնարաւորութիւն տալիս է, ի հարկէ, կասկածի տակ չդնելով Հայաստանի Հանրապետութիւնում խօսքի եւ արտայայտուելու ազատութեան իրաւունքը, սա անառարկելի արժէք է մեզ համար եւ կարմիր գիծ է, որ մենք չենք կարող անցնել»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment