Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Քառօրեայ Պատերազմի Երրորդ Տարելիցին Առթիւ Փաշինեան Այցելեց Եռաբլուր

Քառօրեայ Պատերազմի Երրորդ Տարելիցին Առթիւ Փաշինեան Այցելեց Եռաբլուր

by MassisPost

Ապրիլ 2-ին, քառօրեայ պատերազմի տարելիցի կապակցութեամբ Եռաբլուր զինուորական պանթէոն այցելեցին զոհուածներու հարազատներն ու բարձրաստիճան պաշտօնեաները՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ:

Վարչապետը լրագրողներու հարցերուն կարճ պատասխանած է: Նախ ապրիլեան պատերազմէն քաղած դասերու մասին. – «Ես ասել եմ նախկինում, որ այսօր էլ այդ խնդիրը իմ օրակարգում է եւ կառավարութեան օրակարգում է, որ մենք պէտք է խորութեամբ եւ լրջութեամբ հասկանանք, թէ ինչ է տեղի ունեցել, եւ հետեւութիւններ անել»:

Վարչապետը անդրադարձած է նաեւ Պաշտպանութեան նախարարի աղմկայարոյց յայտարարութեան: Դաւիթ Տոնոյեանը օրերս Նիւ Եորքի հայ համայնքի հետ հանդիպման ժամանակ ղարաբաղեան խնդրի կարգաւորման մասին խօսելու ժամանակ ըսած էր հետեւեալը. – «Տարածքներ խաղաղութեան դիմաց ձեւաչափը ես այսօր վերաձեւակերպել եմ, մենք հակառակն ենք անում՝ նոր պատերազմ, նոր տարածքների դիմաց»:

pashinyan-yeraplur-2

Հարցին, թէ արդեօք Հայաստանը կը փոխէ հռետորաբանութիւնը, վարչապետը պատասխանած է.- «Դաւիթ Տոնոյեանի յայտարարութեան շուրջ աղմուկը անիմաստ է: Որովհետեւ, ճիշդն ասած, եթէ Դաւիթ Տոնոյեանն այլ յայտարարութիւն անէր, ես նրան կ՛ազատէի Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնից: Ի՞նչ է ասել պաշտպանութեան նախարարը: Ասել է՝ եթէ յանկարծ պատերազմ լինի, մեր ձգտումը պէտք է լինի յաղթել այդ պատերազմում: Եթէ յանկարծ Պաշտպանութեան նախարարը որեւէ այլ բան մտածի, ինքը պէտք է Պաշտպանութեան նախարար չաշխատի: Սա որեւէ կերպ ստուեր չի գցում խաղաղ կարգաւորման գործընթացի վրայ, ընդհակառակը՝ շեշտում է խաղաղ կարգաւորման գործընթացի կարեւորութիւնը»:

Նիկոլ Փաշինեանը մէկ տարի առաջ, երբ ընդդիմադիր պատգամաւոր էր քառօրեայ պատերազմի մեղաւորներուն անդրադառնալով՝ պնդած էր, որ ապրիլեան պատերազմը պատշաճ քննութեան չէ արժանացած, եւ այդ մէկը լուրջ խնդիր է: Ըստ անոր, ռազմական հետախուզութիւնը ամենօրեայ ռեժիմով ահազանգեր հնչեցուցած է, սակայն անոնց պատշաճ արձագանգի չէ արժանացուցած զինուորական եւ քաղաքական իշխանութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment