Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Վիեննայի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպումը

Վիեննայի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպումը

by MassisPost

Վիեննայի «Պրիսթըլ» հիւրանոցին մէջ տեղի ունեցած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման շուրջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը:

Նշենք, որ նախ տեղի ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ու Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ընդլայնուած կազմով հանդիպումը՝ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներ Զոհրապ Մնացականեանի եւ Էլմար Մամետեարովի, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներ Իկոր Փոփովի (Ռուսաստան), Էնտրիւ Շոֆերի (ԱՄՆ), Սթեֆան Վիսքոնթիի (Ֆրանսա) եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի մասնակցութեամբ:

Յետոյ երկու երկիրներու ղեկավարները Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ բանակցութիւնները շարունակեցին առանձնազրոյցի ձեւաչափով:

Այնուհետեւ քննարկման դարձեալ միացած են համանախագահները եւ արտաքին գործոց նախարարները։  Ընդհանուր առմամբ, հանդիպումը տեւած է շուրջ 3 ժամ:

Հանդիպումէն ետք Մինսքի խումբի համանախագահները արդիւնաւէտ գնահատած են բանակցութիւնները:

«Դրական կը գնահատենք [հանդիպումը]: Երկար, յագեցած եւ հետաքրքիր խօսակցութիւն էր, որ հնարաւորութիւն տուաւ յստակեցնել առաջնորդներու դիրքորոշումը, մենք յոյս ունինք, որ յառաջիկային նոր հանդիպում տեղի կ’ունենայ»,- ըսած է ֆրանսացի համանախագահ Սթեֆան Վիսքոնթին՝ առանց յստակեցնելու Փաշինեան-Ալիեւ յաջորդ հանդիպման ժամկէտը:

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը կը համարէ, որ բանակցութիւնները ԼՂ կարգաւորման հարցի շուրջ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ նորմալ անցած է: Այս մասին վարչապետը յայտարարած է՝ ԹԱՍՍ-ի հարցին ի պատասխան:

«Հանդիպումը նորմալ անցած է»,- ըսած է Փաշինեանը՝ մեքենայ նստելու ժամանակ:
Նոյն աղբիւրի փոխանցմամբ, հանդիպումէն ետք Ատրպէյճանի նախագահը յորդորած է սպասել ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու յայտարարութիւններուն։
«Համանախագահները ամէն ինչ կ’ըսեն»,-ըսած է Ալիեւն ու անձամբ չէ մեկնաբանած հանդիպման ընթացքը։

vienna summit

Հանդիպման Մասին  ԵԱՀԿ-ի  Խումբի   Յայտարարութիւնը
ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու յայտարարութեան մէջ նշուած է. «Հանդիպումը տեղի ունեցաւ դրական եւ կառուցողական մթնոլորտի մէջ եւ հնարաւորութիւն տուաւ երկու առաջնորդներուն պարզաբանել իրենց դիրքորոշումները: Անոնք խնդրի էութեան եւ բանակցային գործընթացի վերաբերեալ առանցքային շարք մը կէտերու շուրջ միտքեր փոխանակեցին։ Երկուստեք շեշտուեցաւ խաղաղութեան համար նպաստաւոր միջավայրի ստեղծման կարեւորութիւնը եւ բանակցային գործընթացին մէջ յետագայ յստակ եւ շօշափելի քայլերու ձեռնարկումը՝ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման համար: Անդրադառնալով Տուշանպէի մէջ տեղի ունեցած քննարկման՝ առաջնորդները վերահաստատեցին հրադադարի ամրապնդման եւ ուղիղ հաղորդակցութեան մեխանիզմի բարելաւման ուղղուած քայլերը: Անոնք նաեւ պայմանաւորուեցան միջոցառումներ ձեռնարկել նաեւ մարդասիրական ոլորտի մէջ: Վարչապետը եւ նախագահը իրենց նախարարներուն յանձնարարեցին մօտ ապագային կրկին հանդիպիլ համանախագահներու հետ: Անոնք նաեւ համաձայնեցան շարունակել իրենց ուղղակի երկխօսութիւնը»:

Հանդիպում Հայ Համայնքի Հետ
Օրուայ վերջաւորութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Վիեննայի Հայաստանի դեսպանութեան մէջ հանդիպում ունեցած էտեղի հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ, ովքեր վարչապետին դիմաւորած են ջերմօրէն եւ բուռն ծափահարութիւններով

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment