Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պէտք Չէ Ենթարկուիլ «Լիտիան Արմինիայի» Սպառնալիքներուն

Պէտք Չէ Ենթարկուիլ «Լիտիան Արմինիայի» Սպառնալիքներուն

by MassisPost

Ամուլսարի ոսկի հանքի հետ կապուած հարցը կը շարունակէ մնալ Հայաստանի կառավարութեան օրակարգին վրայ: Բնապահպանութեան գծով պայքարող կազմակերպութիւնները ու անոնց ակտիւիստները յեղափոխութենէն ի վեր կը շարունակեն փակ պահել դէպի հանքավայր տանող ճանապարհները, այդպիսով կասեցնելով հոն կատարուող աշխատանքները:

Բնապահպանութեան ջատագովներու եւ հանքի պատճառելիք վնասներով մտահոգ մասնագէտներու ուսումնասիրութիւններուն համաձայն, Ամուլսարի սիանիտային ոսկիի շահագործման հետեւանքով յառաջացող թթուները, ծանր մետաղները եւ վտանգաւոր նիւթերը ունակ են աղտոտելու Արփա, Որոտան եւ Դարբ գետերը, վնաս հասցնելով նաեւ Սպանդարեանի եւ Կեչուտի ջրամբարին, Որոտան-Արփա թունէլին ու Սեւանայ Լիճին: Հետեւանքները կրնան տեւել հարիւրաւոր տարիներ: Այս բոլորի կողքին կրնան թունաւորուիլ նաեւ Ջերմուկի հանքային ջուրերը, որոնք կը նկատուին Հայաստանի բնական հարստութիւններէն:

Իշխանութեան գալէն ասդին Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութիւնը կը փորձէ լուծում տալ այս հարցին, սակայն հիմնականին մէջ վարելով ձգձգումի քաղաքականութիւն մը, որ ուշ թէ կանուխ կարիք ունի հիմնական լուծում ստանալու: Վերջերս մօտ 400 հազար տոլար պետութեան պիւտճէէն յատկացում կատարուեցաւ, միջազգային կազմակերպութեան մը կողմէ անկախ փորձաքննութիւն իրագործելու համար: Սակայն, տարիներ առաջ հանքի շահագործման արտօնագիր ձեռք ձգած՝ «Լիտիան Արմինիա» ընկերութիւնը վերջերս սկսած է կոշտ լեզուով խօսիլ՝ միջազգային դատարաններ դիմելու եւ ցարդ ունեցած եւ ապագային գոյանալիք վնասներուն դիմաց Հայաստանի պետութենէն միլիոնաւոր տոլարներու հատուցում պահանջելու սպառնալիքներով:

«Լիտիան Արմինիա» ընկերութեան բաժնետէրերը կը հանդիսանան կարգ մը Հայեր ու նաեւ միջազգային ընկերութիւններ, որոնք ըստ մասնագէտներու, մեծ փորձառութիւն չունին հանքերու շահագործման եւ հաւանական վտանգներու դիմաց կանխարգելիչ սարքաւորումներ տեղադրելու մարզէն ներս: Անոնք նոյնիսկ թերացած են պայմանագրով իրենց ստանձնած որոշ պարտաւորութիւնները կատարելու մէջ:

Ամուլսարի ոսկիի հանքի հարցով իշխանութիւնները պէտք է դիմեն վճռական քայլերու, չենթարկուելով «Լիտիան Արմինիայի» սպառնալիքներուն:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment