Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԵԽԽՎ Նախագահը Վարչապետին Խոստացած է Աջակցութիւն

ԵԽԽՎ Նախագահը Վարչապետին Խոստացած է Աջակցութիւն

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ՀՀ Ազգային ժողովէն ներս հանդիպում ունեցած է Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) նախագահ Լիլիան Մորի-Փասքիէի հետ:

Վարչապետը նշած է, որ Եւրոպայի խորհուրդը եւ Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովը (ԵԽԽՎ) Հայաստանի համար կարեւոր գործընկերներ են ժողովրդավարութեան զարգացման եւ քաղաքացիական հասարակութեան ուժեղացման գործընթացին մէջ: Նիկոլ Փաշինեանի խօսքով՝ նախորդ տարի սկիզբ առած քաղաքական փոփոխութիւնները  այս գործընթացներու հետ կապուած էին, անոնց մէջ արտաքին որեւէ ներգրաւուածութիւն չկար, քանի որ Հայաստանի ժողովուրդի համար ժողովրդավարութիւնը արտաքին քաղաքական կողմնորոշում չէ, այլ ներքին համոզմունք եւ արժէքային համակարգ: «ՀՀ կառավարութիւնը ժողովրդավարական բարեփոխումների մեծ օրակարգ ունի, որի արդիւնաւէտ իրականացման գործում եւրոպական կառոյցների, այդ թւում՝ ԵԽ եւ ԵԽԽՎ հետ աշխոյժ համագործակցութիւնը կարեւոր նշանակութիւն ունի», – ըսած է վարչապետը եւ այս ծիրէն ներս կարեւորած յառաջիկային՝ Ապրիլ ամսուն, նախատեսուող իր այցը Սթրասպուրկ, որու շրջագիծէն ներս՝ Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) գարնանային նստաշրջանի ընթացքին, Նիկոլ Փաշինեանը հանդէս պիտի գայ ելոյթով:

Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) նախագահը նշած է, որ ուրախ է Հայաստանի վարչապետին հանդիպելու եւ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր քննարկելու համար: Անոր խօսքով՝ Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) մէջ ուշադիր հետեւած են եւ կը կը հետեւին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն եւ կ’ողջունեն քաղաքական փոփոխութիւններու խաղաղ, ոչ բռնի իրականացումը: «Հայաստանի քաղաքացիները կարողացան հասնիլ ժողովրդավարական փոփոխութիւններու խաղաղ ճանապարհով, եւ այդ շատ լաւ ձեռքբերում է Հայաստանի համար», – ըսած է Լիլիան Մորի-Փասքիէն: Ան նաեւ անդրադարձած է արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներուն՝ նշելով, որ այն, որ քաղաքացիներու մեծամասնութիւնը ՀՀ վարչապետի գլխաւորած քաղաքական ուժին վստահած է իր քուէն, մեծ աջակցութիւն է կառավարութեան՝ բարեփոխումներու օրակարգը կեանքի կոչելու համար: Լիլիան Մորի-Փասքիէն վստահեցուցած է՝ Եւրոպայի խորհուրդը (ԵԽ) եւ Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովը (ԵԽԽՎ) պատրաստ են աջակցելու Հայաստանին այդ գործընթացին մէջ եւ նշած, որ սիրով կը սպասեն վարչապետ Փաշինեանին երկու շաբաթէն Սթրասպուրկի մէջ:

Զրուցակիցները քննարկած են երկկողմ գործակցութեան խորացման հեռանկարները:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ԵԽԽՎ նախագահին պատրաստակամութեան համար՝ Նիկոլ Փաշինեանը նշած է, որ Հայաստանը Եւրոպայի խորհուրդի (ԵԽ) եւ Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) լիարժէք անդամ է եւ շահագրգռուած է զարգացնելու եւրոպական կառոյցներու հետ փոխգործակցութիւնը՝ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան չափանիշները բարձրացնելու ուղղութեամբ, քանի որ Հայաստանի քաղաքացիները վաստակած են այդ իրաւունքը, եւ կառավարութիւնը պիտի ներդնէ առաւելագոյն ջանքերը՝ այն լաւագոյնս ապահովելու համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment