Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Բանակցութիւններու Պիտի Երթանք Ստեփանակերտի մէջ Յայտարարած Օրակարգով». Փաշինեան

«Բանակցութիւններու Պիտի Երթանք Ստեփանակերտի մէջ Յայտարարած Օրակարգով». Փաշինեան

by MassisPost

Հայաստանի ու Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնները պաշտօնապէս հաստատած են՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի հովանիի ներքոյ Փաշինեան-Ալիեւ առաջին հանդիպումը պիտի կայանայ Աւստրիոյ մայրաքաղաքի մէջ՝ 29 Մարտին:

Այցէն առաջ, խորհրդարանէն ներս՝ պատասխանելով պատգամաւորներու հարցերուն, վարչապետ Փաշինեանը պնդած է՝ ղարաբաղեան խնդրի կարգաւորման շուրջ իր դիրքորոշումը չէ փոխուած, եւ հայկական կողմը Վիեննա կը մեկնի այդ օրակարգով:

«Այն, ինչ յայտարարել եմ Ստեփանակերտում՝ Անվտանգութեան խորհուրդներու համատեղ նիստում, այն օրակարգն է, որով մենք գնում ենք բանակցութիւնների, քննարկումների, եւ ըստ էութեան, այն փլաթֆորմն է, որի վրայ հիմնուելու ենք յետագայ բանակցային ողջ գործընթացում», – ըսած է Փաշինեանը:

Շաբաթներ առաջ Ստեփանակերտի մէջ՝ Հայաստանի ու Ղարաբաղի Անվտանգութեան խորհուրդներու համատեղ նիստին, Փաշինեանը պնդած էր՝ Ղարաբաղը պէ՛տք է ներգրաւուի բանակցութիւններուն, օրեր առաջ ալ, իր ասուլիսի ժամանակ ընդգծած էր՝ այն ոչ թէ ձեւաչափի փոփոխութիւն է, այլ՝ նախապէս գործող ձեւաչափի վերականգնում:

Պաքուն, սակայն, կտրականապէս մերժած էր այս առաջարկը: Ակնյայտ այս տարաձայնութիւններու ֆոնին Փաշինեանը պնդած է՝ յառաջիկայ հանդիպումէն առայժմ միայն միտքերու փոխանակում կ’ակնկալէ:

«Նախկինում էլ Ատրպէյճանի նախագահի հետ մեր քննարկումներում ես ասել եմ իմ դիրքորոշումը. կարծում եմ, որ սկզբնական փուլում առնուազն էդ հանդիպումները կոնկրետ օրակարգ պէտք է չունենան, պէտք է լինի հարցերի շուրջ, եւ մենք մտքեր փոխանակենք տարբեր, մեզ յուզող հարցերի շուրջ», – ըսած է Փաշինեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment