Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Վիեննայի մէջ Փաշինեան-Ալիեւ Հնարաւոր Հանդիպումէն Առաջ Իրավիճակը Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանին Սրուած է

Վիեննայի մէջ Փաշինեան-Ալիեւ Հնարաւոր Հանդիպումէն Առաջ Իրավիճակը Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանին Սրուած է

by MassisPost

Վիեննայի մէջ Փաշինեան-Ալիեւ հնարաւոր հանդիպումէն առաջ հայ-ատրպէյճանական սահմանին իրավիճակը սրուած է։ Ատրպէյճանական կողմը կը հաղորդէ մէկ զինծառայողի զոհուելու մասին։

Ըստ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան, «հակամարտ գիծի տարբեր հատուածներուն հայկական ուժերը սադրանքներու դիմած են։ Ֆիզուլիի ուղղութեամբ ատրպէյճանական դիրքերու հրետակոծութեան հետեւանքով 26 մարտի երեկոյեան սպաննուած է ատրպէյճանական բանակի զինծառայող Էլեզով Էլեզ Ալետինօղլին»։

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր հաղորդագրութեան մէջ նշած է, որ «միաժամանակ հայկական մամուլը տեղեկատւութիւն կը տարածէ, թէ իբր ճարտարապետական աշխատանքներու միջոցով ատրպէյճանական կողմը իր դիրքերը առաջ կը մղէ»։

«Պաշտօնապէս կը յայտարարենք, որ այդ տեղեկատւութիւնը իրականութեան չի համապատասխաներ։ Հայկական կողմի հերթական սադրանքն է եւ նպատակ կը հետապնդէ սրել իրավիճակը ճակատային գիծին վրայ», – նշուած է Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։

Ատրպէյճանական կողմը կը հաղորդէ, թէ «վճռական եւ համարժէք միջոցներով հակառակորդի կրակակէտերը լռեցուած են, կանխուած են յետագայ սադրանքները, ներկայ պահուն բանակի ստորաբաժանումները լիովին կը վերահսկեն իրավիճակը ճակատային գիծին վրայ»։

Աւելի վաղ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդած էր, որ 26 Մարտին, ժամը 16։30-ի սահմաններուն, հայ-ատրպէյճանական սահմանի հիւսիսարեւելեան հատուածին, մասնաւորապէս՝ Բերդաւան գիւղի մերձակայքը տեղակայուած մարտական դիրքերու ուղղութեամբ, միջդիրքային տարածքին մէջ, ատրպէյճանական զինուած ուժերու ստորաբաժանումները փորձած են ճարտարապետական աշխատանքներ իրականացնել՝ մօտեցնելով իրենց դիրքերը։

«Չենթարկուելով հայկական առաջապահ ստորաբաժանումների նախազգուշացումներին՝ ատրպէյճանական զինուժը կրակ է բացել հայկական դիրքերի ուղղութեամբ։ Պատասխան կրակով հակառակորդը լռեցուել է, ճարտարապետական աշխատանքները՝ կասեցուել։ Հայկական կողմից տուժածներ չկան », – ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment