Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նիկոլ Փաշինեանը 28 Մարտին Պիտի Մեկնի Վիեննա

Նիկոլ Փաշինեանը 28 Մարտին Պիտի Մեկնի Վիեննա

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը 28 Մարտին պիտի մեկնի Վիեննա։ Այս մասին որոշումը տեղադրուած է կառավարութեան e-gov.am կայքին վրայ։

Աւստրիոյ նախագահի մամուլի ծառայութիւնը երէկ հաղորդած էր, որ Աւստրիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վան Տեր Պելէնը 29 Մարտին առանձին հանդիպումներ պիտի ունենայ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։

Երեւանը եւ Պաքուն, սակայն, առայժմ չեն յստակեցուցած` արդեօ՞ք Վիեննայի մէջ պիտի կայանան երկկողմ բանակցութիւնները, թէ՞՝ ոչ:

Աւելի վաղ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահները յայտարարած էին, որ կ’աշխատին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու բանակցութիւնները կազմակերպելու ուղղութեամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment