Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԵԽԽՎ-Ի Զեկուցողները Արձանագրած Են Դրական Փոփոխութիւններ՝ Հայաստանի Մէջ

ԵԽԽՎ-Ի Զեկուցողները Արձանագրած Են Դրական Փոփոխութիւններ՝ Հայաստանի Մէջ

by MassisPost

Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի Հայաստանի հարցերով համազեկուցողները Հայաստան կատարած այցի արդիւնքներով յայտարարած են, որ երկրի իշխանութիւնները հիանալի կը հասկնան հանրութեան ակնկալիքները: Հայաստանի հարցերով համազեկուցողներ Եուլիա Լովոչքինան (Ուքրանիա) եւ Անտրէյ Շիրցելին (Սլովենիա) յոյս յայտնած են, որ Հայաստանի մէջ սպասուող բարեփոխումները կը յանգեցնեն յստակ եւ զգալի արդիւնքներու:

Զեկուցողները ողջունած են Ազգային ժողովին համակարգին մէջ կեդրոնական դեր յատկացնելու խորհրդարանականներու պատրաստակամութիւնը, ինչպէս նաեւ իշխանութեան ճիւղերը տարանջատելու գործադիրի ցանկութիւնը:

«Հայաստանի մէջ «ուղղաձիգ իշխանութեան» աւանդոյթը հինցած է, եւ կարելի է միայն ողջունել ուժերու իրաւական հաւասարակշռութիւն ստեղծելու ցանկացած պատրաստակամութիւն»,- ըսած են համազեկուցողները՝ ընդգծելով, որ այն կրնայ նպաստել Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական մշակոյթի արմատաւորման՝ հիմնուած բազմակարծութեան եւ հանդուրժողականութեան վրայ:

Հայաստանի մէջ ունեցած հանդիպումներու ընթացքին համազեկուցողները տեղեկացուած են, որ իշխանութիւններու մօտ տեղի ունեցած են տրամադրութեան եւ վերաբերմունքի ակնյայտ փոփոխութիւններ շարք մը ուղղութիւններու նկատմամբ, ինչպիսիք են սեռային հաւասարութիւնը, կաշառակերութեան դէմ պայքարը: Անոնք նաեւ տեղեկացուած են, որ կաշառակերութեան դէմ պայքարի առաջին արդիւնքները արդէն առկայ են:

«Մենք կ’ողջունենք պատրաստուող բարեփոխումներու մեծ մասը, որոնք կը վերաբերին դատական իշխանութեան անկախութեան, նոր քրէական քաղաքականութեան ընդունման, փտածութեան եւ խտրականութեան դէմ պայքարի հիմնարկներու ստեղծման»,- ըսած են համազեկուցողները:

Կը նշուի, որ համազեկուցողները ուշադրութեամբ պիտի հետեւին վերը նշուած բարեփոխումներու իրականացման ընթացքին: Անոնք Հայաստանի իշխանութիւններուն կոչ ըրած են օգտագործել հանրային լայն աջակցութիւնը, որպէսզի աշխոյժացնեն ջանքերը ընկերային բարեփոխումներ իրականացնելու հարցի վերաբերեալ՝ ներառեալ բոլոր հայերու համար ընկերային ծառայութիւններու բարելաւումը:

Համազեկուցողները բարձր գնահատած են այն հասունութիւնը, որ դրսեւորած են Հայաստանի քաղաքական ուժերն ու հայ ժողովուրդը խաղաղ յեղափոխութեան ընթացքը կառավարելու եւ անոր յաջորդած քաղաքական անցումը իրականացնելու հարցի վերաբերեալ:

«Այդ անցումը աւարտած է 2018 թուականի Դեկտեմբերին կայացած ընտրութիւններով, որոնք բոլոր միջազգային դիտորդները եւ Հայաստանի քաղաքական գործիչներու ճնշող մեծամասնութիւնը, որուն հետ մենք հանդիպած ենք, համարած են արդար»,- նշած են անոնք:

Անոնք աւելցուցած են, որ Հայաստանի մէջ իրականացուելիք փոփոխութիւնները խոր են: «Եւրոպայի խորհուրդը եւ անոր խորհրդարանական վեհաժողովը հայ ժողովուրդի եւ անոր ներկայացուցիչներու տրամադրութեան տակ են՝ այդ փոփոխութիւնները նախապատրաստելու եւ կեանքի կոչելու հարցով»,- եզրափակած են համազեկուցողները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment