Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպումը Պիտի Կայանայ 29 Մարտին Վիեննայի Մէջ

Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպումը Պիտի Կայանայ 29 Մարտին Վիեննայի Մէջ

by MassisPost

«Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը պիտի հանդիպին Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի մէջ, 29 Մարտին», – կը հաղորդէ ռուսաստանեան «Ինթըրֆաքս» գործակալութիւնը` վկայակոչելով Աւստրիոյ մայրաքաղաքին մէջ գտնուող դիւանագիտական աղբիւրները:

Այն փաստը, որ 29 Մարտին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները պիտի գտնուին Վիեննայի մէջ, կը հաստատէ նաեւ երկրի նախագահ Ալեքսանտր Վան Տեր Պելէնի պաշտօնական կայքը:

Անոր համաձայն, 29 Մարտին, ժամը 15:00-ի սահմաններուն, Աւստրիոյ նախագահը Վիեննայի կեդրոնին մէջ գտնուող «Հոֆպըրկ» պալատին մէջ պիտի ընդունի Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:

«Անկէ երեք ժամ անց Վան Տեր Պելէն պիտի ընդունի Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը», – կը տեղեկացնէ Աւստրիոյ նախագահի կայքը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment