Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան «Ռեգնում» գործակալութեան գլխաւոր խմբագրին տուած հարցազրոյցին մէջ խօսած է Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի, Արցախի ունեցած մտահոգութիւններու մասին։
Արցախի արտաքին գործոց նախարարը, անդրադառնալով իշխանոփոխութենէն ետք Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ հանդիպումներու աշխուժացման, նշած է, որ կողմերը կը ցանկան ծանօթանալ ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման մօտեցումներուն։
Ինչ կը վերաբերի Արցախը բանակցութիւններուն մէջ ներգրաւելու հարցին, Մասիս Մայիլեանը յստակեցուցած է բանակցութիւններու եռակողմ ձեւաչափի վերականգնման վերաբերեալ Երեւանի ու Ստեփանակերտի մօտեցումները նոյնն են։
«Մենք խօսում ենք Արցախի՝ բանակցային սեղան վերադառնալու մասին՝ ելնելով բանակցային գործընթացում իրական առաջընթացի հասնելու անհրաժեշտութիւնից։ Եռակողմ բանակցութիւնների վերականգնման համար առկայ են անհրաժեշտ բոլոր նախադրեալները»,-ըսած է ան։
ԱԳ նախարարը ընդգծած է, ինչպէս ցոյց տուած է ժամանակը այդ ձեւաչափը ամենաարդիւնաւէտը եղած է։ Այդ ձեւաչափով ձեռք բերուած է միակ շօշափելի արդիւնքը՝ հրադադարի վերաբերեալ, որ կնքուած է 1994-ի 12 մայիսին, Ռուսաստանի միջնորդութեամբ։
Տարածքներ յանձնելու վերաբերեալ ալ Արցախի արտաքին գերատեսչութեան ղեկավարը ընդգծած է, որ այդ ուղղակիօրէն կը ոչնչացնէ ոչ միայն Արցախի, այլեւ Հայաստանի անվտանգութեան համակարգը, ինչը վտանգի տակ կը դնէ պատմական հայրենիքի մէջ բնիկ ժողովուրդի գոյութիւնը։
«Ատրպէյճանի ղեկավարի յայտարարութիւններից կարելի է հետեւութիւն անել, որ պաշտօնական Պաքուի ռազմավարական նպատակը ոչ միայն Արցախի գրաւումն է, այլեւ Սիւնիքի մարզի, նոյնիսկ Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի։ Մենք պէտք է լրջօրէն վերաբերուենք Ատրպէյճանի նախագահի ու Զինուած ուժերու գերագոյն հրամանատարութեան յայտարարութիւններին եւ չհեշտացնենք իրենց ռազմավարական նպատակին հասնելու ճանապարհը։ Ընդհակառակը, պէտք է շարունակել ձեռնարկել անհրաժեշտ ռազմական ու քաղաքական, դիւանագիտական քայլեր՝ զսպելու այդ երկրի ղեկավարութեան ակրեսիւութիւնն ու զաւթողական մտադրութիւնները»,-ըսած է ան։