Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Անընդունելի է Ցեղասպանութեան Շահարկումը՝ Իսրայէլ-Թուրքիա Յարաբերութիւններու Լարուածութեան ֆոնին.Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Խօսնակ

Անընդունելի է Ցեղասպանութեան Շահարկումը՝ Իսրայէլ-Թուրքիա Յարաբերութիւններու Լարուածութեան ֆոնին.Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Խօսնակ

by MassisPost

«Մեզ համար անընդունելի է ցեղասպանութեան շահարկումը Թուրքիայի հետ յարաբերութիւնների որոշակի լարուածութեան ֆոնին։  Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն  ու դատապարտումն առաջին  հերթին բարոյական հարթութեան հարց է»,-այս մասին ըսած է ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի խօսնակ Աննա Նաղտալեանը՝ անդրադառնալով Էրտողան-Նաթանիահու բանավէճին մէջ ցեղասպանութեան յիշատակման։

Խօսելով ՀՀ-Իսրայէլ յարաբերութիւններու ու դեսպանատան բացման մասին, նշած է, որ  ՀՀ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ընդլայնումը միշտ ալ օրակարգի վրայ է։3

Պատասխանելով Ալիեւ-Փաշինեան յառաջիկայ հանդիպման օրակարգի վերաբերեալ հարցին՝ Աննա Նաղտալեանը նշած է, որ այդ մասին արդէն յայտարարած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, այն հիմնական նուիրուած պիտի ըլլայ այն բանին, թէ ինչպէս կը մեկնաբանուին փաստաթուղթին մէջ ամրագրուած սկզբունքներն ու դրոյթները, որոնք վկայակոչուած են նաեւ Մինսքի խումբի համանախագահներու կողմէ։

Ատրպէյճանի լայնածաւալ զօրավարժութիւններու իրականացման մասին հացին ի պատասխան նշած է, որ առանց ծանուցման յարձակողական բնոյթի զօրավարժութիւնները ԵԱՀԿ գործիքակազմով նախատեսուած միջազգային պարտաւորութիւններու խախտում է եւ այն որեւէ ձեւ չի նպաստեր տարածաշրջանին մէջ վստահութեան մթնոլորտի ամրապնդման։ Այս հարցը ԵԱՀԿ-ի մէջ բարձրացուցած է նաեւ ՀՀ ներկայացուցիչը։

Անդրադառնալով տարածուած տեղեկութեան, թէ Ատրպէյճանը Հայաստանի հետ սահմանին նոր զօրամաս տեղակայած է, Նաղտալեանը նշած է, որ ՀՀ-ն ու Արցախը ունին վճռականութիւն եւ կարողութիւն՝ պաշտպանուելու եւ հակահարուած հասցնելու, ինչով ալ պայմանաւորուած է նաեւ ՀՀ յանձնառութիւնը՝ քայլեր ձեռնարկելու խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ։

Մարտ 13-ին, երկարատեւ ընդմիջումէ ետք, արցախա-ատրպէյճանական շփման գիծին վրայ ատրպէյճանական զինուժը կիրառած է ականանետ։ Նաղտալեանի խօսքերով, այս քայլը եւս չի նպաստեր ժողովուրդներու խաղաղութեան նախապատրաստման, վստահութեան ամրապնդման։

«Այս առումով մենք յոյս ենք յայտնում, որ կողմերը յանձնառու կը լինեն այն պայմանաւորուածութեանը, որը ձեռք է բերուել Տուշանպէի հանդիպման ժամանակ»,-ըսած է Նաղտալեանը։

Պոլսոյ մէջ նախորդ շաբաթ տեղի ունեցած Պոլսոյ պատրիարք Մեսրոպ Մութաֆեանի յուղարկաւորութեան ՀՀ-էն ներկայացուցիչներու բացակայութեան հարցի հետ կապուած Նաղտալեանը ըսած է, որ Հայաստանի անունէն մասնակցած է Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մէջ ՀՀ մշտական ներկայացուցիչը, Պատրիարքարան փոխանցուած են վարչապետի ու նախագահի ցաւակցական հեռագրերը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment