Յատուկ քննչական ծառայութիւնը յայտնած է, որ Ոստիկանութեան պետի նախկին տեղակալ, Ոստիկանութեան զօրքերու նախկին հրամանատար Լեւոն Երանոսեանի վերաբերեալ քրէական գործի նախաքննութիւնը աւարտած է:
«Յատուկ քննչական ծառայութիւնում քննուած քրէական գործի նախաքննութեան ընթացքում իրականացուած քննչական գործողութիւնների արդիւնքում ձեռք բերուած բաւարար ապացոյցների համակցութեամբ հիմնաւորուել է, որ ՀՀ ոստիկանութեան զօրքերի հրամանատար Լեւոն Երանոսեանը յատուկ միջոցների գործադրմամբ դիտաւորութեամբ կատարել է այնպիսի գործողութիւններ, որոնք ակնյայտօրէն դուրս են եկել իր լիազօրութիւնների շրջանակից եւ էական վնաս պատճառել քաղաքացիների իրաւունքներին ու օրինական շահերին, ինչպէս նաեւ անզգուշութեամբ առաջացրել են ծանր հետեւանքներ: Նշուած հանրօրէն վտանգաւոր արարքների կատարման համար Լեւոն Երանոսեանին մեղադրանք է առաջադրուել ՀՀ քրէական օրէնսգրքի 309-րդ յօդուածի 2-րդ եւ 3-րդ մասերով [«պաշտօնէական լիազօրութիւններն անցնելը, որը զուգորդուել է բռնութիւն, զէնք կամ յատուկ միջոցներ գործադրելով եւ անզգուշութեամբ առաջացրել է ծանր հետեւանքներ»]», – ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Ըստ մեղադրանքի` «Լեւոն Երանոսեանը, յատուկ միջոցների գործադրման անհրաժեշտութիւն առաջացնող իրադրութիւններում գործելու ունակութիւնը որոշող ստուգումներ անցած չլինելով, չունենալով յատուկ որակաւորում եւ դրանով իսկ պայմանաւորուած` չունենալով լուսաձայնային յատուկ միջոցներ ստանալու եւ անձամբ գործադրելու լիազօրութիւն, դրանց կիրառման համար թոյլատրելի չափանիշների խախտմամբ, 2018 թուականի ապրիլի 16-ին եւ 22-ին՝ Երեւան քաղաքում անցկացուած բողոքի զանգուածային ցոյցերի ժամանակ, ցուցարարների նկատմամբ գործադրել է ընդհանուր առմամբ 8 հատ «Զարիա» տեսակի լուսաձայնային նռնակներ, ինչի հետեւանքով երկու տասնեակից աւելի անձանց առողջութեանը պատճառուել է տարբեր աստիճանի, այդ թւում` ծանր եւ միջին ծանրութեան վնաս»:
Երանոսեանի կողմէն յատուկ միջոցներու գործադրման հետեւանքով Երեւանի Բաղրամեան պողոտային վրայ ծառայութիւն իրականացնող ՀՀ ոստիկանութեան զօրքերու զինծառայողներէն 6 հոգի նոյնպէս ստացած են մարմնական վնասուածքներ, նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Քրէական գործի նախաքննութիւնը աւարտած է: Գործը մեղադրական եզրակցութեամբ ուղարկուած է հսկողութիւն իրականացնող դատախազին` այն դատարան ուղարկելու միջնորդութեամբ: