Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Փաշինեանը Լայչակին Ներկայացուցած է Ղարաբաղեան Գործընթացի Առնչութեամբ Երեւանի Սկզբունքային Դիրքորոշումը

Փաշինեանը Լայչակին Ներկայացուցած է Ղարաբաղեան Գործընթացի Առնչութեամբ Երեւանի Սկզբունքային Դիրքորոշումը

by MassisPost

Հայաստանը կը կարեւորէ ԵԱՀԿ-ի դերակատարութիւնը տարածաշրջանին մէջ անվտանգութեան ապահովման, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ կայուն զարգացման խթանման գործին մէջ, նշած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ԵԱՀԿ գործող նախագահ, Սլովաքիոյ արտաքին գործոց նախարար Միրոսլաւ Լայչակի հետ հանդիպման ժամանակ։

Վարչապետը ընդգծած է, որ Հայաստանը պատրաստ է աջակցելու կառոյցին մէջ Սլովաքիոյ նախագահութեան առաջնահերթութիւններու առաջմղման: Փաշինեանը յոյս յայտնած է, որ ԵԱՀԿ-ի հետ աշխոյժ գործակցութիւնը պիտի նպաստէ կառավարութեան բարեփոխումներու օրակարգի արդիւնաւէտ իրականացման եւ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան ամրապնդման:

Վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցմամբ՝ հանդիպման մասնակիցները քննարկած են ԵԱՀԿ օրակարգային շարք մը հարցեր՝ ընդգծելով կազմակերպութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները միասնական ջանքերով դիմագրաւելու անհրաժեշտութիւնը:

Վարչապետ Փաշինեանը վերահաստատած է Հայաստանի աջակցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ կարգաւորման ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան շրջանակներուն  մէջ եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահին ներկայացուցած է այս ուղղութեամբ Հայաստանի մօտեցումներն ու սկզբունքային դիրքորոշումը: Ան անդրադարձ կատարած է խաղաղութեան գործընթացի շրջագիծէն ներս նախատեսուող յառաջիկայ քայլերուն:

Կողմերը կարեւորած են խաղաղութեան համար նպաստաւոր մթնոլորտի ձեւաւորման, մարդոց միջեւ շփումներու խթանման, վտանգներու նուազեցման եւ միջադէպերու կանխարգելման մեխանիզմներու ու փոխվստահութեան ամրապնդման միջոցառումներու ներդրման ուղղութեամբ արժանահաւատ քայլերու ձեռնարկումը, ըսուած է պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ:

Հանդիպման մասնակցած են նաեւ ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանը եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփշիկը:

ԵԱՀԿ գործող նախագահը ընդունած են նաեւ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանը եւ Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանը:

Սարգսեանը Լայչակի հետ հանդիպման ժամանակ մասնաւորապէս կարեւորած է ԵԱՀԿ-ի գործունէութիւնը եւ դերակատարումը ոչ միայն որպէս ԼՂ հիմնախնդրի կարգաւորմամբ զբաղուող հիմնական կառոյց, այլ նաեւ որպէս երկխօսութեան, վստահութեան եւ համագործակցութեան միջոցով համապարփակ անվտանգութիւնը առաջ մղող հարթակ, ըսուած է նախագահականի հաղորդագրութեան մէջ:

Միրզոյեանն ալ ԵԱՀԿ գործող նախագահի հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարած է, որ Հայաստանը մեծապէս կը կարեւորէ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան` որպէս միջազգայնօրէն ընդունուած միակ ձեւաչափի ջանքերը ղարաբաղեան հիմնախնդրի կարգաւորման գործին մէջ: Ան առանձնայատուկ ընդգծած է բանակցային գործընթացին մէջ Արցախի ներկայացուցիչներու մասնակցութեան անհրաժեշտութիւնը, ըսուած է ԱԺ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Ազգային ժողովի նախագահը նշած է՝ խնդրի կարգաւորումը երկկողմանի գործընթաց է, եւ խաղաղութեան հաստատման հարցին վերաբերեալ կարեւոր է երկիրներու իշխանութիւններու ու ժողովուրդներու կամքը: Անոր խօսքով` Հայաստանը խաղաղութեան միտուած իր ջանքերուն ի պատասխան համանման մօտեցում կ’ակնկալէ նաեւ ատրպէյճանական կողմէն: Արարատ Միրզոյեանի կարծիքով՝ պէտք է շարունակաբար աւելցնել ե՛ւ Մինսքի խումբի համանախագահներու, ե՛ւ փորձագէտներու այցերը Արցախ՝ տեղւոյն վրայ խնդիրներուն ծանօթանալու նպատակով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment