Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրքիան Խիստ Ձեւով Արձագանգած է Եւրոխորհրդարանի Ընդունած Զեկոյցին

Թուրքիան Խիստ Ձեւով Արձագանգած է Եւրոխորհրդարանի Ընդունած Զեկոյցին

by MassisPost

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած է 13 Մարտին Եւրոխորհրդարանի մէջ Թուրքիոյ վերաբերեալ ընդունուած զեկոյցին, որուն մէջ Եւրոմիութեանը կոչ կ’ըլլայ դադարեցնել անդամակցութեան բանակցութիւնները Անգարայի հետ:

Արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած յայտարարութեան մէջ Եւրոխորհուրդի որոշումը միակողմանի ու ոչ առարկայական դիրքորոշում որակուած է:

«Նշեալ խորհրդատուական բնոյթի որոշումը մեզի համար ոչինչ կը նշանակէ»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ եւ աւելցուած, որ 751 տեղանոց Եւրոխորհրդարանին մէջ 370 կողմ ձայնով այդ որոշման  ընդունումը ցոյց կու տայ, որ այն չէ ստացած բոլորի աջակցութիւնը:

«Մեր երկրին մէջ իրականացուելիք Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններու շեմին, Թուրքիոյ ու Եւրոմիութեան միջեւ 4 տարուան ընդմիջումէն ետք իրականացուելիք Համագործակցութեան խորհուրդի նիստէն առաջ նման կողմնակալ ու անարդար գնահատականներ պարունակող զեկոյցի ընդունումը կը հակասէ Եւրոպայի ընտրական մշակոյթին:

Եւրոմիութեան անդամակցութիւնը Թուրքիոյ համար ռազմավարական նշանակութիւն ունի: Մեր յարաբերութիւններու առանցքը հանդիսացող անդամակցութեան բանակցութիւնները առկախելու կոչը ցոյց կու տայ Եւրոխորհրդարանի տեսլականի սնանկութիւնը ու անյարգալից վերաբերմունքը Պաքթա Սունթ Սերուանտա սկզբունքին (լատ.՝ Pacta Sunt Servanda- պայմանագիրները պէտք է պահպանուին),- ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

 

Յայտարարութեան մէջ անհանգստութիւն արտայայտուած է նաեւ Թուրքիոյ վերաբերեալ Եւրոխորհուրդի զեկոյցին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան մասին յիշատակման համար:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment