Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Եթէ Պաքուն եւ Երեւանը Պայմանաւորուին, Մոսկուան Կ’ողջունէ Ղարաբաղի Ներգրաւումը Բանակցային Գործընթացին. Զախարովա

Եթէ Պաքուն եւ Երեւանը Պայմանաւորուին, Մոսկուան Կ’ողջունէ Ղարաբաղի Ներգրաւումը Բանակցային Գործընթացին. Զախարովա

by MassisPost

«Ռուսաստանը՝ որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիր, բազմիցս ըսած է, որ բանակցային ձեւաչափի փոփոխութիւնը հնարաւոր է միայն կողմերու համաձայնութեամբ։ Եթէ Պաքուն եւ Երեւանը պայմանաւորուին, որ Լեռնային Ղարաբաղն ալ պէտք է ներգրաւուի բանակցային գործընթացին, մենք կ’ողջունենք այդ որոշումը», – ըսած է Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան՝ ճեպազրոյցի ժամանակ պատասխանելով ատրպէյճանցի լրագրողի հարցին:

«ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը 9 մարտին տարածած է յայտարարութիւն, ուր յստակ նշուած է Ռուսաստանի, Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու դիրքորոշման մասին այս հարցի վերաբերեալ», – աւելցուցած է Զախարովան:

Ան բարձրաձայնած է եւս մէկ հարց, որ առնչութիւն ունի ղարաբաղեան խնդրին։ Յիշեցնենք՝ երկու օր առաջ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը  նախազգուշացուցած է Ատրպէյճան մեկնող Ռուսաստանի քաղաքացիները՝ մանրակրկիտ գնահատել հաւանական վտանգները։ Ըստ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան՝ ղարաբաղեան խնդրի պատրուակով Ատրպէյճանի սահմանապահ ուժերը կը շարունակեն արգիլել «այն քաղաքացիներու մուտքը երկիր, որոնք հայ ազգին պատկանելութեան ուղղակի կամ անուղղակի յատկանիշներ ունին», բացատրելով սա այն հանգամանքով, թէ անհնար է ապահովել նման անձերու անվտանգութիւնը։

Ռուսական կողմի դիմումները, որ անթոյլատրելի են ազգային պատկանելութեան հողի վրայ խտրական դրսեւորումները Ռուսաստանի Դաշնութեան քաղաքացիներու նկատմամբ, ատրպէյճանական կողմէն կ’անտեսուին, ըսուած է Ռուսաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան հաղորդագրութեան մէջ:

«Պաքու» ամսագիրը հարցազրոյց հրապարակած է «Ի՞նչ, ո՞ւր, ե՞րբ» հեռուստաակումբի յայտնի անդամ Ռովշան Ասքերովի հետ, որ ըսած է, թէ ըլլալով Ռուսաստանի քաղաքացի, բայց ատրպէյճանցի՝ ան չի կրնար ազատ այցելել Հայաստան։ Զախարովան յիշատակած է այս հարցազրոյցը եւ ըսած, թէ ոչ իրեն, ոչ ալ Ռուսաստանի ԱԳՆ-ին յայտնի են դէպքեր, երբ նման բան տեղի ունեցած է, եւ կոչ ըրած է, խնդրած է յայտնել դէպքերու մասին, երբ Ռուսաստանի քաղաքացիները արտաքսած են Երեւանի օդակայանէն անոնց ատրպէյճանական ծագման պատճառով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment