Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ Ատրպէյճանը 2018-ին Մօտ 300 Միլիոն Տոլարով Աւելցուցած է Ռազմական Ծախսերը

Ատրպէյճանը 2018-ին Մօտ 300 Միլիոն Տոլարով Աւելցուցած է Ռազմական Ծախսերը

by MassisPost

Ատրպէյճանը նախորդ տարի մօտ 300 միլիոն տոլարով աւելցուցած է պաշտպանական ոլորտի ծախսերը, խորհրդարանէն ներս յայտարարած է վարչապետ Նովրուզ Մամետովը՝ անցած տարուան պիւտճէի կատարողականը ներկայացնելու ժամանակ: Ըստ այդմ, 2018-ին Ատրպէյճանը ռազմական ոլորտին յատկացուցած է շուրջ 2 միլիառ տոլար:

«Զինուած ուժերը արդի զինամթերքով ապահովելու նպատակով ձեռք բերուած է «Փոլոնեզ», «Լորա» համակարգեր, հակապալիսթիք պաշտպանութեան միջոցներ», – յայտարարած է Մամետովը:

Ատրպէյճանի վարչապետի խօսքով, տեղական ընկերութիւնները անցած տարի շուրջ 150 հազար տոլարի պաշտպանական նշանակութեան արտադրանք տուած են, 70 հազար տոլարի ալ՝ արտահանած:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment