Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ UCFAF-ը ՀՀ-ին Պիտի Վերադարձնէ «Հայֆիլմ» Արտադրութեան 64 ֆիլմերու Ժապաւէններ

UCFAF-ը ՀՀ-ին Պիտի Վերադարձնէ «Հայֆիլմ» Արտադրութեան 64 ֆիլմերու Ժապաւէններ

by MassisPost

Ֆրանսահայ մշակութային միութիւնը (UCFAF) ցանկութիւն յայտնած է Հայաստանին վերադարձնել 40 տարի առաջ` Խորհրդային Հայաստանէն ստացած 64 գեղարուեստական, վաւերագրական ֆիլմերու ժապաւէնները։

Ֆրանսահայ մշակութային միութիւնը դեռ 2016 թուականի Դեկտեմբերին, սոյն հարցով դիմած էր Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպանութեան՝ ճշդելու համար, թէ անհարաժե՞շտ են այդ ֆիլմերը Հայաստանին։ Մշակոյթի նախարարութիւնն ալ իր հերթին այդ մասին գրութիւն ուղղած էր Հայաստանի ազգային շարժանկարի կեդրոնին, որ իր հերթին սկսած է զբաղուիլ յիշեալ հարցով: Ազգային շարժանկարի կեդրոնը կապ հաստատած է Ֆրանսահայ մշակութային միութեան նախագահ Էտմոն Եանիկեանի հետ եւ պարզած, որ այդ ֆիլմերը տարիներ շարունակ ցուցադրուած են ֆրանսայի տարբեր քաղաքներու մէջ՝ հայկական համայնքի համար: Վերջին անգամ անոնք օգտագործուած են  25 տարի առաջ եւ այժմ պահեստաւորուած են միութեան նկուղային յարկը։

2017-ի Յունուարէն այս ֆիլմերու վերադարձը կազմակերպելու նպատակով Հայաստանի ազգային շարժանկարի կեդրոնը սկսած է բանակցիլ ՀՀ-ի մէջ Ֆրանսայի UNESCO-ի ներկայացուցիչ Վահէ Վահրամեանի հետ, որու հաւաստմամբ այն ժամանակ դեսպանութիւնը չունէր բաւականաչափ միջոցներ ամբողջ հաւաքածուն Հայաստան տեղափոխելու համար: Հետեւաբար, այդ ահռելի շարժանկարի ժառանգութենէն 9  Մարտ 2017-ին Հայաստան բերուած է ընդամէնը 6 ֆիլմ․շարժանկարներէն երկուքը՝ «Կարինէն» եւ «Տղամարդիկը» նշուած էին որպէս ֆրանսերէն ենթագրերով ֆիլմեր :Ֆիլմերը սեւ/սպիտակ եւ գունաւոր են, մեծ մասամբ հայերէն լեզուով, անոնցմէ մի քանին ֆրանսերէն ենթագրեր ունին եւ հիմնական 35 կամ 16 մմ ժապաւէնային կրիչներով են։ Անոնց մէջ կան նաեւ շարք մը փաստագրական ֆիլմեր, որոնք ժամանակի ընթացքին կը վերածուին արխիւի եւ այդպիսով կը դառնան իսկական գանձ շահագործման համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment