Home ՍՓԻՒՌՔ Պոլսոյ Պատրիարք` Մեսրոպ Մութաֆեանի Թաղումը Տեղի Պիտի Ունենայ Մարտ 17-ին

Պոլսոյ Պատրիարք` Մեսրոպ Մութաֆեանի Թաղումը Տեղի Պիտի Ունենայ Մարտ 17-ին

by MassisPost

Երկարատեւ ու ծանր հիւանդութենէ ետք, 62 տարեկան հասակին, Մարտ 8-ին վախճանեցաւ Պոլսոյ Հայոց 84-րդ պատրիարք Մեսրոպ արքեպիսկոպոս Մութաֆեանը։

Պոլսոյ «Ժամանակ»  օրաթերթը կը հաղորդէ, որ պատրիարք Մութաֆեանի յուղարկաւորութեան կազմակերպման համար յանձնաժողով ձեւաւորուած է: Պատրիարքի յուղարկաւորութիւնը պիտի կատարուի Մարտի 17-ին: Պատրիարք Մեսրոպ Մութաֆեանի Մարմինը նախ պիտի փոխադրուի Գում Գաբուի աթոռանիստ Սուրբ Աստուածածին մայր եկեղեցի, եւ պոլսահայերը հնարաւորութիւն պիտի ունենան վերջին հրաժեշտը տալու պատրիարքին:

Պատրիարքի յուղարկաւորութեան կը սպասուի աշխարհի տարբեր երկիրներէ հոգեւորականներու, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ քաղաքական վերնախաւի ներկայացուցիչներու ներկայութիւնը:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը զանգած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանին եւ ցաւակցութիւն յայտնած Պատրիարքի կորուստի կապակցութեամբ:

Թուրքիոյ խորհրդարանի «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» պատգամաւոր Կարօ Փայլանը «թուիթըրեան» իր էջին վրայ գրած է. – «Մեսրոպ պատրիարքը մեր յիշողութեան մէջ պիտի մնայ որպէս անմոռանալի հոգեւոր առաջնորդ»:

2008 թուականէն ի վեր Պատրիարք Մեսրոպ Մութաֆեանը կը տառապէր անբուժելի հիւանդութեամբ եւ բժիշկներու մշտական հսկողութեան տակ էր Պոլսոյ Սուրբ Փրկիչ հայկական հիւանդանոցին մէջ։ հիւանդութեան հետեւանքով առաջացած անգործունեայ վիճակը համայնքի օրակարգ բերած էր նոր Պատրիարքի ընտրութեան հարցը։ Սակայն, աւելի քան 10 տարի այդ խնդիրը չէր հանգուցալուծուած:

2010-էն Պատրիարքութիւնը կը ղեկավարէ Պատրիարքի ընդհանուր փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանը։

Աթէշեանն ու Էրտողանը հանդիպած են Տիարպէքիրի մէջ
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ էրտողանն ու Կ․ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանը հանդիպած են Տիարպէքիրի մէջ։ Այդ մասին կը յայտնեն պոլսահայ «Մարմարան» եւ «Ժամանակ» լրատուամիջոցները։

Հանդիպման ընթացքին Թուրքիոյ նախագահը կրկին իր ցաւակցութիւնները յայտնած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Մեսրոպ արքեպիսկոպոս Մութաֆեանի մահուան կապակցութեամբ, ապա հետաքրքրուած, թէ ինչպէս պէտք է ընթանայ նոր պատրիարքի ընտրութիւնը։

Ըստ հրապարակումներուն՝ Արամ Աթէշեանը ըսած է, որ իրենք կարիք ունին ընտրութեան մնայուն կամ կայուն կանոնագրի, քանի որ մինչ այժմ կանոնագրերը եղած են մէկանգամեայ օգտագործման համար։ «Մարմարան» մանրամասնած է, որ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանը ըսած է, որ հիմա նման կանոնագրութեան վաւերացման ակնկալիք ունին կառավարութենէն, ինչին նախագահ Էրտողանը դրական արձագանգ տուած է:

«Ժամանակը» կը գրէ, որ պատրիարքի մահուան կապակցութեամբ ցաւակցութիւններ յղած են նաեւ Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն, Ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլուն, Պոլսոյ կուսակալ Ալի Եորլիքայան եւ Պոլսոյ գլխաւոր քաղաքապետ Մեւլութ Օիսալը։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment