Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արմէն Սարգսեան. Հայաստանը եւ Վրաստանը Համակարծիք են, Որ Հակամարտութիւնները եւ Անոնց Կարգաւորման Հիմքերը Նոյնական Չեն

Արմէն Սարգսեան. Հայաստանը եւ Վրաստանը Համակարծիք են, Որ Հակամարտութիւնները եւ Անոնց Կարգաւորման Հիմքերը Նոյնական Չեն

by MassisPost

«Կարեւոր է, որ տարածաշրջանի մէջ գոյութիւն ունեցող հակամարտութիւնները չտեղափոխուին Վրաստանի տարածք», – Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ համատեղ յայտարարութեան ժամանակ ընդգծած է պաշտօնական այցով Երեւան ժամանած Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլին, շեշտելով. – «Մեզի համար շատ կարեւոր է, որ ծագումով հայ եւ ատրպէյճանցի Վրաստանի քաղաքացիները խաղաղ ապրին մեր երկրին մէջ եւ ընդելուզուած ըլլան Վրաստանի քաղաքական, տնտեսական, մշակութային կեանքին»:

Զուրապիշվիլիի խօսքով, ինքը, որպէս երկրի նախագահ, պարտաւորուած է աւելին ընել, որպէսզի Վրաստանի ազգութեամբ հայ քաղաքացիներուն համար վրացերէն լեզուին տիրապետելը աւելի հեշտ ըլլայ:

Ան ընդգծած է, որ Հայաստանն ու Վրաստանը ոչ միայն հարեւան, այլեւ բարեկամ երկիրներ են․ – «Մենք կ’ապրինք տարածաշրջանի մը մէջ, որուն համար վճռական նշանակութիւն ունի կայունութիւնն ու խաղաղութիւնը: Ասոնք պարտադիր նախապայմաններ են երկու երկիրներու տնտեսական զարգացման համար»:

Խօսելով տարածաշրջանի հակամարտութիւններու մասին՝ Վրաստանի նախագահը ըսած է, թէ անոնք պէտք է լուծուին խաղաղ ճանապարհով, միջազգային իրաւունքի օրէնքներու հիման վրայ։

Մինչդեռ անցած ամիս, երբ  Զուրապիշվիլին պաշտօնական այցով Պաքու կը գտնուէր, Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպման ժամանակ ըսած էր, թէ Ատրպէյճանի հետ միեւնոյն խնդիրներու մէջէն անցած են:

«Այսօր մենք գիտենք, թէ ինչ կը նշանակէ գրաւումը երկրի համար, երբ քու տարածքային ամբողջականութիւնը դեռ վերականգնուած չէ: Գրաւեալ տարածքները բաց վէրքեր են մեզի համար, որոնք իրենց հերթին կը խոչընդոտեն մեր զարգացման: Այդուամենայնիւ, հակառակ այդ ողբերգութիւններուն, մենք կրցած ենք ամրապնդուիլ եւ զարգացնել մեր տնտեսութիւնները», – Պաքուի մէջ ըսած էր Սալոմէ Զուրապիշվիլին:

Այս առումով, ուշագրաւ է, որ  նախագահական նստավայրին մէջ համատեղ յայտարարութեան ժամանակ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանը շեշտեց, որ Սալոմէ Զուրապիշվիլիի հետ քննարկելով տարծաշրջանային հակամարտութիւնները, համակարծիք եղած են, որ հիմնահարցերը եւ հակամարտութիւնները նոյնական չեն, հետեւաբար նոյնական չեն նաեւ անոնց կարգաւորման հիմքերը․ – «Իմ անձնական համոզմամբ, լուծումները պէտք է փնտռել բացառապէս խաղաղ ճանապարհով՝ միջազգային իրաւունքի եւ նորմերի, իսկ Արցախի դէպքում՝ ինքնորոշման իրաւունքի յարգանքի հիման վրայ»:

Արմէն Սարգսեանը ընդգծած է, որ հայ-վրացական յարաբերութիւններուն բնորոշ է փոխըմբռնման եւ վստահութեան մթնոլորտը՝ տեղեկացնելով, որ ուրախութեամբ կ’ընդունի Վրաստան այցելելու Սալոմէ Զուրապիշվիլիի հրաւէրը:

Աւելի ուշ Վրաստանի նախագահը ընդունած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը: Հանդիպման ընթացքին Փաշինեանը ընդգծած է, որ երկու երկիրներու յարաբերութիւնները նոր մակարդակի բարձրացնելու պատմական հնարաւորութիւն ունին:

Հայաստանի վարչապետը նաեւ շեշտած է, որ այն փաստը, որ ինքը առաջին պաշտօնական այցը կատարած է Վրաստան, ցոյց կու տայ իր ղեկավարած կառավարութեան եւ անձամբ իր առանձնայատուկ ուշադրութիւնն ու կարեւորութեան զգացումը հայ-վրացական յարաբերութիւններու վերաբերեալ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment