Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Վարչապետ Փաշինեան Ժամանած է Արցախ, Ուր ՀՀ Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստ Պիտի Կայանայ

Վարչապետ Փաշինեան Ժամանած է Արցախ, Ուր ՀՀ Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստ Պիտի Կայանայ

by MassisPost

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ժամանած է Արցախ: Ինչպէս «Ազատութեան» յայտնած են կառավարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն, Փաշինեանը Արցախի մէջ պիտի մասնակցի Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին: Նիստին ներկայ պիտի ըլլայ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանը:

Թէ ինչու Հայաստանի վարչապետը որոշած է Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի նիստը իրականացնել Արցախի մէջ, պարզ չէ: Ղարաբաղի նախագահի մամլոյ խօսնակ Դաւիթ Բաբայեանը «Ազատութեան» ըսած է, թէ երբ տեղի ունենայ Անվտանգութեան  խորհուրդի նիստը, իրենք մանրամասներու մասին կը տեղեկացնեն:

«Յանկարծ չմտածէք, որ ինչ-որ մի արտառոց երեւոյթ է, դրա համար գալիս է: Չէ: Սա ծրագրաւորուած, էսպէս, աշխատանքային այց է: Որեւէ արտառոց, որեւէ, էսպէս, ճգնաժամային խնդիրների մասին չէր լինելու այդ այցելութեան նպատակը», – ըսած է Բաբայեանը:

Բնականաբար, Հայաստանի վարչապետի Արցախ այցի ընթացքին պիտի չշրջանցուի ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու յայտարարութիւնը, ուր, ի դէպ, անոնք կը յորդորեն զերծ մնալ այնպիսի յայտարարութիւններէ, որոնք առանց միւս կողմի համաձայնեցման կը պահանջեն ձեւաչափի միակողմանի փոփոխութիւն: Նկատենք՝ Հայաստանի վարչապետը բազմիցս նշած է, որ չի կրնար բանակցիլ Լեռնային Ղարաբաղի անունէն, եւ որ Արցախը պէտք է վերադառնայ բանակցային սեղան: Աւելին, Փաշինեանը խորհրդարանէն ներս յայտարարած է, որ «ջանքեր կը գործադրեն, որպէսզի 1994-ին արձանագրուած ձեւաչափը լիարժէք ձեւով գործէ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment