Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Լիտիան»-ը Յայտարարած է ՀՀ Կառավարութեան Հետ Վէճերու Առկայութեան Մասին

«Լիտիան»-ը Յայտարարած է ՀՀ Կառավարութեան Հետ Վէճերու Առկայութեան Մասին

by MassisPost

«Լիտիան Ինթըրնաշընլ Լիմիթըտ» ընկերութիւնը յայտարարած է, որ Ամուլսարի ոսկիի ծրագրի ճանապարհներու շարունակական շրջափակման կապակցութեամբ Lydian UK Corporation Limited եւ Lydian Canada Ventures Corporation Ընկերութեան դուստր կազմակերպութիւնները պաշտօնապէս տեղեակ պահած են ՀՀ կառավարութեան, Մեծ Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իռլանտայի Միացեալ Թագաւորութեան եւ ՀՀ կառավարութեան միջեւ Ներդրումներու խրախուսման եւ պաշտպանութեան պայմանագրի եւ Գանատայի կառավարութեան եւ ՀՀ կառավարութեան միջեւ Ներդրումներու խրախուսման եւ պաշտպանութեան պայմանագրի շրջանակներուն ՀՀ կառավարութեան հետ վէճերու առկայութեան մասին:

Այս մասին կը յայտնեն ընկերութեան մամլոյ ծառայութենէն:

Մեծ Բրիտանիոյ հետ երկկողմ համաձայնագրի շրջագիծէն ներս Lydian UK-ը կրնայ վէճը ներկայացնել միջազգային  միջնորդութեան  պաշտօնական ծանուցումէն 3 ամիս անց, իսկ Lydian Canada-ի հետ երկկողմ համաձայնագրի համաձայն՝ 6 ամիս անց: Միեւնոյն ժամանակ ՀՀ կառավարութեան համար բաց են Լիտիանի հետ առկայ վէճերը քննարկելու եւ արագ լուծումներ տալու հնարաւորութիւնները:

Արդեօք Lydian UK-ը կամ Lydian Canada-ն կ’անցնին   միջնորդային գործընթացին, այդ մէկը կախեալ է Հայաստանի կառավարութեան գործողութիւններէն:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment