Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ատրպէյճանը Լայնածաւալ Զօրավարժութիւններ Սկսած է

Ատրպէյճանը Լայնածաւալ Զօրավարժութիւններ Սկսած է

by MassisPost

Ատրպէյճանական բանակը 11 Մարտէն լայնածաւալ զօրավարժութիւններ սկսած է՝ երկրի նախագահ, զինուած ուժերու գլխաւոր հրամանատար Իլհամ Ալիեւի հաստատած ծրագրով:

Վարժանքները պիտի շարունակուին հինգ օր՝ մինչեւ 10 հազար զինուորներու, 500 հրասայլի, 300 միաւոր հրթիռահրետանային համակարգերու, օդուժի եւ այլ ծանր զինատեսակներու ներգրաւմամբ:

Ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան, զինուորները յարձակողական ծրագիր պիտի իրագործեն, փորձելով պայմանական հակառակորդը խոցել շարք մը ուղղութիւններով: Կը հաղորդուի, որ զօրավարժութիւններու ընթացքին պիտի կիրառուին նաեւ վերջին տարիներուն ձեռքբերուած նոր զինատեսակները:

Պաշտօնական Երեւանը կը քննադատած է այս զօրավարժութիւնները: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Աննա Նաղտալեանը, մասնաւորապէս, շաբաթ օր իր հրապարակած՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի կարգաւորման խաղաղ գործընթացի վերաբերեալ մեկնաբանութեան մէջ շեշտած է․ – «Պաքուից լսում ենք, որ «ուժի գործօնը մշտապէս եղել եւ մնում է օրակարգում», «ռազմական գործօնը յատուկ տեղ է գրաւում հիմնախնդրի լուծման առանցքում», «ուժն է ծնում իրաւունք» եւ այլն: Աւելին, երկրների ղեկավարների միջեւ հանդիպման մասին յայտարարութեան ֆոնին Ատրպէյճանը ձեռնարկում է յարձակողական բնոյթի զօրավարժութիւններ, որոնք չեն ծանուցուել՝ հակառակ միջազգային պարտաւորութիւնների պահանջներին»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment