Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ «2018-ի Զանգուածային Ցոյցերուն Աշխոյժ Մասնակցած են Կրօնական Կառոյցներու Անդամները». «Հայաստանի Հելսինքեան Կոմիտէ»

«2018-ի Զանգուածային Ցոյցերուն Աշխոյժ Մասնակցած են Կրօնական Կառոյցներու Անդամները». «Հայաստանի Հելսինքեան Կոմիտէ»

by MassisPost

«2018 թ.-ի ապրիլին տեղի ունեցած զանգուածային ցոյցերին հանրութեան այլ շերտերի հետ միասին իրենց աշխոյժ մասնակցութիւնն են ցուցաբերել նաեւ կրօնական տարբեր կազմակերպութիւնների անդամները: Դա հանրային կեանքին նրանց ընդելուզման լաւ օրինակ էր»: Այս մասին ըսուած է «Հայաստանի հելսինքեան կոմիտէ» իրաւապաշտպան հասարակական կազմակերպութեան օրերս հրապարակած՝ «Մարդու իրաւունքները Հայաստանի մէջ 2018-ին» խորագրով զեկոյցին մէջ: Նշուած է, որ մինչ այդ կրօնական կազմակերպութիւնները լուսանցային վիճակի մէջ էին եւ իրենց հեռու կը պահէին քաղաքական ու ընկերային կեանքէն:

Ինչ կը վերաբերի օրէնսդրութեան, ապա զեկոյցին մէջ գնահատական հնչած է, որ կրօնին առնչուող օրէնսդրութեան մէջ առկայ խտրական ձեւակերպումները դեռ կը պահպանուին. «Դեռ 2017-ին ՀՀ կառավարութիւնը կրօնին առնչուող օրէնսդրութիւնում փոփոխութիւնների փաթեթ էր պատրաստել, որը Վենետիկի յանձնաժողովի եւ ԵԱՀԿ փորձագէտների կողմից քննադատուել էր: Սակայն այն ունէր նաեւ դրական կողմեր. մասնաւորապէս, մի շարք օրէնքներում («Զինուորական ծառայութեան մասին», «Ոստիկանական ծառայութեան մասին», «Ազգային անվտանգութեան մարմիններու մէջ ծառայութեան մասին», «Հայաստանի փրկարարական ծառայութեան մասին» եւ այլն) համապատասխան կառոյցներում աշխատանքի անցնելու համար կրօնական կազմակերպութիւնների անդամների վրայ դրուած սահմանափակումները պէտք է հանուէին, ինչը խտրականութեան ակնյայտ դրսեւորում է:

Այդուհանդերձ, վերը նշուած, ինչպէս նաեւ «Խղճի ազատութեան եւ կրօնական կազմակերպութիւնների մասին» ՀՀ օրէնքում նախատեսուած փոփոխութիւնները դեռեւս չեն ընդունուել»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment