Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան․ Հայաստանը Անկախ Բարձր Արժանապատւութիւն Ունեցող Երկիր է

Փաշինեան․ Հայաստանը Անկախ Բարձր Արժանապատւութիւն Ունեցող Երկիր է

by MassisPost

Հայաստանը անկախ երկիր է՝ արժանապատւութեան բարձր զգացումով, Հայաստանը բացարձակ թափանցիկ է ռուս գործընկերներուն համար, Պրիւքսէլ կատարած այցէն ետք ռուսական «ԹԱՍՍ»-ին տուած հարցազրոյցի ժամանակ ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, մանրամասնելով՝ Եւրոմիութեան մայրաքաղաք իր այցը յստակ նպատակ ունէր՝ քննարկել Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան մասին պայմանագրի իրագործումը:

«Եւրոմիութիւնը որեւէ աշխարհաքաղաքական եւ արտաքին քաղաքականութեան հարցեր կամ պայմաններ չի դնում այս գործընթացում, եւ այս համագործակցութիւնը վերաբերում է միայն Հայաստանի ներքին, ժողովրդավարական բարեփոխումներին, յատկապէս՝ անցած տարի երկրում տեղի ունեցած իրադարձութիւններից յետոյ: Այդ բարեփոխումների օրակարգը շատ կարեւոր է մեզ համար», – ըսած է Փաշինեանը:

Հայաստանի վարչապետը եւս մէկ անգամ ընդգծած է, որ հայաստանեան թաւշեայ յեղափոխութիւնը կը վերաբերէր միայն ներքին քաղաքականութեան եւ որեւէ կապ չունէր դուրսէն թելադրուած «գունաւոր» յեղափոխութիւններու հետ: «Մեզ համար շատ կարեւոր է, որ մեր ռուս բարեկամներն ու գործընկերները հասկանան՝ այն, ինչ տեղի ունեցաւ, որեւէ աշխարհաքաղաքական ենթաթեքսթ չունէր, եւ որեւէ օտար ուժ այդ գործընթացում ներգրաւուած չէր: Դա ազգային արժանապատւութեան հարց է, եւ իմ անձնական արժանապատւութեան: Դէպքերի այդօրինակ մեկնաբանութիւնը, թէ իբր ինչ-որ մէկը օգտագործել է հայ ժողովրդին յանուն իր աշխարհաքաղաքական նպատակների, վիրաւորական է մեզ համար: Հայաստանը անկախ երկիր է՝ արժանապատւութեան բարձր զգացումով», – ըսած է Փաշինեանը:

Անդրադառնալով Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւններուն ու բանակցութիւններուն՝ Հայաստանի վարչապետը նշած է, որ կողմերը կը շարունակեն քննարկումները կազի գինի շուրջ: «Յոյս ունեմ, որ այս տարուայ ընթացքում մեզ կը յաջողուի լուծել այդ հարցը, քանի որ այն կարեւոր է ոչ միայն երկկողմ յարաբերութիւնների զարգացման, այլեւ ԵԱՏՄ-ի համար: Չէ՞ որ այդ կառոյցի նպատակն է ստեղծել միասնական տնտեսական տարածք, իսկ դրա համար անհրաժեշտ է, որ  ջերմուժի գները, որոնք շատ կարեւոր մասնաբաժին ունեն ապրանքների ինքնարժէքում, հաւասար լինեն, իրարից շատ չտարբերուեն», – ըսած է Փաշինեանը:

Վարչապետը նաեւ յոյս յայտնած է, որ այս տարի Ռուսաստանի նախագահը պաշտօնական այցով կը ժամանէ Երեւան, ինքը՝ կը մեկնի Մոսկուա: «Մենք հիմա քննարկում ենք ժամկէտները, վերջին քննարկումը եղել է անցած շաբաթ՝ Վլատիմիր Փութինի հետ հեռախօսազրոյցի ժամանակ», – ըսած է Նիկոլ Փաշինեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment