Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վախճանած է Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Մեսրոպ Մութաֆեանը

Վախճանած է Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Մեսրոպ Մութաֆեանը

by MassisPost

Երկարատեւ ու ծանր հիւանդութենէ ետք, 62 տարեկան հասակին, 8 Մարտի կէսօրին վախճանած է Պոլսոյ Հայոց 84-րդ պատրիարք Մեսրոպ արքեպիսկոպոս Մութաֆեանը։

Թրքական լրատուամիջոցներու փոխանցմամբ, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը զանգած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանին եւ ցաւակցութիւն յայտնած Պատրիարքի կորուստի կապակցութեամբ:

Պոլսոյ հայ համայնքը կը սգայ պատրիարքի մահը: Թուրքիոյ խորհրդարանի «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» պատգամաւոր Կարօ Փայլանը թուիթըրեան իր էջին գրած է․ – «Մեսրոպ պատրիարքը մեր յիշողութեան մէջ պիտի մնայ որպէս անմոռանալի հոգեւոր առաջնորդ»:

Թրքական մէճլիսի նախկին հայազգի պատգամաւոր Սելինա Տողանը ֆէյսպուքեան իր էջին մէջ խոր ցաւ յայտնած է Մութաֆեանի մահուան կապակցութեամբ՝ նշելով․ – «Ի դէմս պատրիարքի համայնքը կորսնցուց խաղաղասէր եւ իմաստուն առաջնորդ»:

Իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութենէն հայազգի պատգամաւոր Մարգար Եսայեանը Թուիթըրի իր էջին գրած է․ – «Թուրքիոյ հայ համայնքը վերջին տարիներուն յաջորդաբար կորսնցուց երկու արժանի մարդ՝ Հրանդ Տինքը եւ Մեսրոպ Մութաֆեանը»:

2008 թուականէն Պատրիարք Մեսրոպ Մութաֆեանը կը տառապէր անբուժելի հիւանդութեամբ եւ բժիշկներու մշտական հսկողութեան տակ էր Պոլսոյ Սուրբ Փրկիչ հայկական հիւանդանոցին մէջ։

Մեսրոպ Մութաֆեանը ծնած է 1956 թուականի 16 Յունիսին Պոլսիյ մէջ։ Ուսումը ստացած է Եսայեան հայկական նախակրթարանէն ներս, ապա ուսումը շարունակած է անգլիական վարժարանի մէջ։ Հոգեւոր կրթութիւն ստացած է Երուսաղէմի մէջ, 1979-ին ձեռնադրուած է քահանայ։ 1986-ին եպիսկոպոս օծուած է Ամենայն Հայոց Վազգէն առաջին կաթողիկոսի կողմէ։ 1998-ին Գարեգին Խաչատուրեան Պատրիարքի վախճանէն ետք զբաղցուցած է տեղապահի պաշտօնը, նոյն տարուան 14 Հոկտեմբերին ընտրուած է Պոլսոյ պատրիարքական աթոռի 84-րդ գահակալ։

2008 թուականէն ի վեր Պատրիարք Մեսրոպ Մութաֆեանի ծանր հիւանդութեան հետեւանքով առաջացած անգործունեայ վիճակը համայնքի օրակարգ բերած էր նոր Պատրիարքի ընտրութեան հարցը։ Սակայն, աւելի քան 10 տարի այդ խնդիրը չէր հանգուցալուծուած:

2010-էն Պատրիարքութիւնը կը ղեկավարէ Պատրիարքի ընդհանուր փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանը։

Հակառակ համայնքէն հնչող պահանջներուն՝ թրքական իշխանութիւնները չէին արտօներ նոր Պատրիարքի ընտրութիւն իրականացնել՝ այն հիմնաւորմամբ, թէ Մեսրոպ Մութաֆեանը դեռ ողջ էր, անոր առողջական խնդիրները պատրիարքական աթոռը թափուր ճանչնալու պատճառ չէր համարուեր, հետեւաբար՝ ընտրութեան համար անհրաժեշտ պայմաններ չկային։ Ըստ եկեղեցական կանոնադրութեան՝ Պատրիարքը կը պաշտօնավարէ ցմահ, հետեւաբար՝ Մութաֆեան Պատրիարքի վախճանը կ’ենթադրէ, որ յառաջիկային տեղի պիտի ունենայ Պոլսոյ Հայոց նոր պատրիարքի ընտրութիւններ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment