Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սուրիոյ մէջ Հայ Սակրաւոր Վիրաւորուած է

Սուրիոյ մէջ Հայ Սակրաւոր Վիրաւորուած է

by MassisPost

Սուրիոյ մէջ ծուղակ-ականի պայթումի պատճառով հայ սակրաւոր վիրաւորուած է: Տեղեկութիւնը «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ փոխանցած է «Մարդասիրական ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոնի» հասարակայնութեան հետ կապերու գծով մասնագէտ Նազելի Էլբակեանը:

Էլբակեանը չէ յայտնած սակրաւորի անունը: Ըսած է, որ ան կորսնցուցած է աջ ոտնաթաթը, տեղի ունեցածի մասին սակրաւորի ընտանիքին տեղեկացուցած են:

«Ականի պայթիւնը տեղի է ունեցել ականազերծման աշխատանքներն իրականացնելու ժամանակ, հայ սակրաւորներից մէկը ստացել է ոտնաթաթի վնասուածք: Արագ տեղափոխուել է հիւանդանոց, վիրահատուել է: Մեր ունեցած տեղեկութիւններով, աջ ոտնաթաթը անդամահատուած է: Վիճակը այս պահին բժիշկները նորմալ են գնահատում: Տեղափոխուելու է Հայաստան: Նշեմ, որ սակրաւորը փետրուարի 8-ից էր Սիրիայում, 83 հոգուց բաղկացած հայ մասնագէտների խմբի կազմում է», – մանրամասներ հաղորդած է Էլբակեանը:

Հարցին, թէ ճիշդ ուր տեղի ունեցած է դէպքը, ան պատասխանած է․ – «Ինչքան որ ես տեղեակ եմ Հալէպի մօտակայքում է տեղի ունեցել»:

Նազելի Էլբակեանը դժուարացած է ըսել, թէ վնասուածք ստացած սակրաւորը երբ պիտի տեղափոխուի Հայաստան: Ըսած է, որ անոր կեանքին վտանգ չի սպառնար, ականազերծման աշխատանքները կը շարունակուին:

Հարցին, թէ ինչ կը ձեռնարկուի, որպէսզի բարձրացուի Սուրիոյ մէջ աշխատող հայ մասնագէտներու, սակրաւորներու անվտանգութիւնը, Էլբակեանը արձագանգած է․ – «Նկատի ունենալով սակրաւորների ընտրած մասնագիտութիւնը, վտանգը, բնականաբար, անխուսափելի է»:

8 Փետրուարին յայտնի դարձաւ, որ Հայաստանը բժիշկներու, ականազերծողներու եւ անոնց անվտանգութիւնը ապահովող 83-հոգինոց խումբ գործուղած է Սուրիա: Պաշտպանութեան նախարարութեան խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեանը այդ օր ֆէյսպուքի իր էջին գրած էր, որ Սուրիոյ ժողովուրդին մարդասիրական մասնագիտական օժանդակութիւն ցուցաբերելու նպատակով մարդասիրական ականազերծողներէ, բժիշկներէ եւ անոնց անմիջական անվտանգութիւնը ապահովող հայ մասնագէտներէ բաղկացած խումբը ժամանած է Սուրիա՝ Հալէպ: Յովհաննիսեանը աւելցուցած էր, որ հայ մասնագէտները Հալէպի բացառապէս ռազմական գործողութիւններէ զերծ բնակավայրերու մէջ պիտի  ծաւալեն մարդասիրական ականազերծման, բնակչութեան հակաականային իրազեկման, բժշկական ծառայութիւններու մատուցման մարդասիրական գործունէութիւն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment