Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նախկին Ուժերու Նպատակը Մէկ է՝ ԶԼՄ-ներով Ներկայ Իշխանութիւնը Բերել Ճգնաժամի

Նախկին Ուժերու Նպատակը Մէկ է՝ ԶԼՄ-ներով Ներկայ Իշխանութիւնը Բերել Ճգնաժամի

by MassisPost

«Կեղծ լուրերէն մինչեւ ատելութեան խօսք․ անվերահսկելի մետիատարա՞ծք, թէ՞ վերահսկուող քարոզչութիւն» թեմայով կազմակերպուած քննարկման ժամանակ «Իրազեկ քաղաքացիներու միաւորում» ՀԿ ծրագրերու համակարգող Դանիէլ Իոաննիսեանը անդրադարձած է  մետիադաշտի մէջ տարածուող կեղծ լուրերուն՝ նշելով, որ անոնք լրատուամիջոցներու մէջ շատ յաճախ տարբեր դրսեւորումներ կ’ունենան։ «Կեղծ լուրերը յաճախ զուգորդւում են փաստերի հետ, յաճախ փաստերն են ակնյայտ կեղծ կերպով ներկայացւում: Այսինքն՝ կեղծ լուրերի դրսեւորումները շատ տարբեր են լինում եւ յաճախ հնարաւոր չի լինում այդ բոլոր դրսեւորումները ստուգել»,- նկատած է Իոաննիսեանը։

«Քաղաքական ուժերու մէկ մասը, որոնք կը ցանկան վերադառնալ մինչ 2018 թուականի Ապրիլ-Մայիս ամիսներուն տիրող իրավիճակին, պարտուած են ընտրական դաշտին մէջ եւ այժմ լրատուամիջոցները ընտրելով որպէս հիմնական հարթակ, կը ցանկան իրականացնել իրենց քաղաքական նպատակները։ Կը կարծեմ, այս հաշուարկը անոնց կողմէ բաւականին ճիշդ եղած  է, քանի որ թաւշեայ յեղափոխութեան շնորհիւ լրատուական դաշտը դարձած է բաւականին պահանջարկուած եւ այդ պահանջարկը քաղաքական ուժերու մէկ մասը կը փորձէ օգտագործել իր քաղաքական նպատակներուն համար»,-Այս մասին հրաւիրուած «Կեղծ լուրերէն մինչեւ ատելութեան խօսք․ անվերահսկելի մետիատարա՞ծք, թէ՞ վերահսկուող քարոզչութիւն» թեմայով քննարկման ժամանակ ըսած է Երեւանի մամուլի ակումբի նախագահ Պորիս Նաւասարդեանը, ընդգծելով, որ քաղաքական ուժերը կը փորձեն ճգնաժամի մէջ ձգել նոր իշխանութիւնները:

Խօսքի ազատութեան պաշտպանութեան կոմիտէի նախագահ Աշոտ Մելիքեանը իր քննարկան ժամանակ իր հերթին ըսած է. «Տեղեկատուական դաշտի  ծայրայեղ քաղաքականացուած ըլլալու հանգամանքը մենք պէտք է դիտարկենք այն տեսանկիւնէն, որ լրատուամիջոցներու ճնշող մեծամասնութիւնը այսօր կամաց-կամաց լրատուամիջոցէ կը վերածուի քարոզչամիջոցի եւ այն քաղաքական ուժերը, որոնք քաղաքական դաշտի հիմնական խաղացողներն են, իրենց ենթակայ լրատուամիջոցները դարձուցած են քաղաքական համակարգի մէկ մաս»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment