Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ղարաբաղը Բանակցային Գործընթացին Պէտք է Մասնակցի Իբրեւ Լիարժէք Կողմ. Փաշինեան

Ղարաբաղը Բանակցային Գործընթացին Պէտք է Մասնակցի Իբրեւ Լիարժէք Կողմ. Փաշինեան

by MassisPost

«Արդիւնաւէտ բանակցութիւնների համար անհրաժեշտ է արդիւնաւէտ բանակցային ձեւաչափ», – այսօր Ազգային ժողովի առջեւ կառավարութեան հարցուպատասխանի ժամանակ յայտարարած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ շեշտելով, որ այժմ ջանքեր կը գործադրուի 1994 թուականին գործող բանակցային գործընթացը, որուն իբրեւ լիարժէք կողմ կը մասնակցէր նաեւ Ղարաբաղը, վերականգնուի։

«Մենք շատ կարեւոր ենք համարում արձանագրելը, որ բանակցութիւնները արդիւնաւէտ դարձնելու համար, պէտք է լինի արդիւնաւէտ ձեւաչափ քննարկման եւ այդ ձեւաչափը, ըստ էութեան, գոյութիւն ունի եւ ճանաչուել է 1994 թուականին, երբ Լեռնային Ղարաբաղը ճանաչուել է որպէս լիարժէք բանակցային կողմ, եւ մենք հիմա ջանքեր ենք գործադրում, որպէսզի այդ արձանագրուած ձեւաչափը լիարժէք ձեւով գործի ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի շրջանակներում», – նշած է Փաշինեանը։

Անդրադառնալով «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Տաթեւ Հայրապետեանի հարցին, թէ Պաքուն այժմ կը փորձէ միջազգային հանրութեան ցոյց տալ, թէ Հայաստանը կոշտացուցած է իր դիրքորոշումը, խնդիրներ ստեղծելով բանակցային գործընթացին, Նիկոլ Փաշինեանը պատասխանած է, թէ, ընդհանուր առմամբ, կան նման գնահատականներ, բայց իր գլխաւորած կառավարութեան դիրքորոշումը չէ փոխուած Ղարաբաղեան խնդրի կարգաւորման հարցին վերաբերեալ: Փաշինեանը շեշտած է՝ ի սկզբանէ յայտարարած են, որ պիտի ըլլան իրավիճակին համարժէք:

«Դեռեւս նախորդ գումարման Ազգային ժողովում ես այս ամպիոնից յայտարարութիւն արեցի, որը կապուած էր նաեւ այդ պահի իրավիճակի գնահատականի հետ եւ այդ յայտարարութեան էութիւնը հետեւեալն էր՝ ես ասեցի, որ Ղարաբաղի հարցի ցանկացած լուծում պէտք է ընդունելի լինի Հայաստանի ժողովրդի համար, Ղարաբաղի ժողովրդի համար եւ Ատրպէյճանի ժողովրդի համար եւ ինքներս ենք հասկանում, որ այս յայտարարութիւնը այնքան էլ հեշտ յայտարարութիւն չի։ Ինչի՞ համար է արուել այս յայտարարութիւնը եւ ի՞նչ նպատակ է ունեցել, այս յայտարարութիւնը արուել է բանակցային նորմալ մթնոլորտ ստեղծելու համար, եւ Հայաստանը, ըստ էութեան, արել է առաջին քայլը այս ճանապարհին՝ յոյս ունենալով, որ համանման յայտարարութիւն կը հնչի նաեւ ատրպէյճանական կողմից։ Ցաւօք սրտի, մինչեւ այժմ ատրպէյճանական կողմից համանման յայտարարութիւններ չեն հնչում եւ ընդհակառակը՝ անընդհատ խօսւում է, ակնարկներ են արւում ուժով կամ ռազմական ճանապարհով հարցերը լուծելու պատրաստակամութեան, հնարաւորութեան մասին», – ընդգծած է Փաշինեանը՝ աւելցնելով. – «Արւում են յայտարարութիւններ, որոնք ակնյայտ են դարձնում, որ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը չի էլ մտածում, որ հարցի կարգաւորման որեւէ տարբերակ պիտի ընդունելի լինի նաեւ Ղարաբաղի եւ Հայաստանի ժողովրդի համար։ Մենք այս իրավիճակում ընդամէնը հաւատարիմ ենք մնում մեր դիրքորոշմանը»։

Արձագանգելով Ատրպէյճանի յայտարարութիւններուն, թէ պատրաստ են բարձր ինքնավարութիւն տալ Ղարաբաղին, Փաշինեանը ըսած է, թէ Արցախի ժողովուրդը ունի ինքնորոշման իրաւունք եւ պէտք է օգտուի իր այդ իրաւունքէն:

«Բարձր աստիճանի ինքնավարութիւնն ի՞նչ է նշանակում։ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը յստակ իր դիրքորոշումը արտայայտել է։ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը ունի ինքնորոշման իրաւունք եւ պէտք է կարողանայ այդ ինքնորոշման իրաւունքից օգտուել։ Ինչ վերաբերում է միջազգային հանրութեանը, կարծում եմ, ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի շրջանակներում արձանագրուել են այն սկզբունքները, որոնց շրջանակում պիտի տեղի ունենայ լուծումը, եւ այդ սկզբունքների մէջ կարեւոր է, որ ժողովուրդների ինքնորոշման իրաւունքը արձանագրուած է», – ըսած է Փաշինեանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment