Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԵՄ-ը Պատրաստ է Շարունակելու Աջակցութիւնը Հայաստանի մէջ Ժողովրդավարական Բարեփոխումներուն. Մոկերինի

ԵՄ-ը Պատրաստ է Շարունակելու Աջակցութիւնը Հայաստանի մէջ Ժողովրդավարական Բարեփոխումներուն. Մոկերինի

by MassisPost

Եւրոմիութիւնը պատրաստ է շարունակելու աջակցութիւնը Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող ժողովրդավարական բարեփոխումներուն՝ օրէնքի գերակայութեան ամրապնդման, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան, կաշառակերութեան դէմ պայքարի յաջողման, տնտեսական առաջընթացի ապահովման եւ շարք մը այլ ուղղութիւններով: Այս մասին յայտարարած է Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ, ԵՄ արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով Բարձր ներկայացուցիչ Ֆետերիքա Մոկերինին երեքշաբթի օր Պրիւքսէլի մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպման ժամանակ:

Մոկերինին ողջունած է Փաշինեանի այցը Պրիւքսէլ` կարեւորելով Հայաստանի հետ համագործակցութեան խորացումը:

Վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցմամբ՝ Նիկոլ Փաշինեանը ընդգծած է, որ Եւրոպական միութիւնը Հայաստանի վստահելի գործընկերն է, եւ երկրին մէջ տեղի ունեցած քաղաքական փոփոխութիւնները աւելի սերտացուցին արժէքային ընդհանրութիւններ ունեցող Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան կապերը: Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարը ըսած է, որ ՀՀ-ԵՄ քաղաքական երկխօսութիւնը կը գտնուի բարձր մակարդակի վրայ, ինչի մասին կը վկայեն բարձրաստիճան պաշտօնական փոխայցերը: Փաշինեանը աւելցուցած է, որ կառավարութիւնը պատրաստ է շարունակելու եւ աւելի զարգացնել արդիւնաւէտ գործակցութիւնը փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող ուղղութիւններով:

Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստան-ԵՄ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրին, վիզաներու ազատականացման գործընթացին, ՀՀ կառավարութեան նախաձեռնած բարեփոխումներուն Եւրոմիութեան աջակցութեան եւ երկկողմ գործակցութեան օրակարգին վերաբերող հարցեր:

Փաշինեանը եւ Մոկերինին միտքեր փոխանակած են տարածաշրջանային հարցերու շուրջ, անդրադարձած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին: Զրուցակիցները ընդգծած են ղարաբաղեան հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման կարեւորութիւնը` այդ նպատակով միջազգային մանտաթ ունեցող ձեւաչափի` ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահողներու շրջանակէն ներս:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment