Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արարատ Միրզոյեանը Քաղաքական Ուժերը Հրաւիրեց Միասնական Ջանքերով Ընտրական Բարեփոխումներ Մշակելու

Արարատ Միրզոյեանը Քաղաքական Ուժերը Հրաւիրեց Միասնական Ջանքերով Ընտրական Բարեփոխումներ Մշակելու

by MassisPost

Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանը քաղաքական ուժերը խորհրդարանի ամպիոնէն հրաւիրած է միասնական ջանքերով ընտրական բարեփոխումներ մշակելու:

Նախորդ խորհրդարանի ժամանակ Ընտրական օրէնսգիրքի բարեփոխումներու փաթեթի ընդունումը երկու անգամ տապալեցաւ՝ մեծամասամբ հանրապետականներու ջանքերով:

«Ընտրական հիմնարկները եւս ունեն կատարելագործման կարիք, եւ ես ուզում եմ օգտուել առիթից եւ քաղաքական ուժերին հրաւիրեմ ընտրական բարեփոխումների մշակման փուլ սկսելու՝ միասնական ջանքերով: Եւ ուզում եմ միանգամից յայտարարել, որ մենք չունենք այդ թւում եւ սահմանադրական սահմանափակումներ եւ խոչընդոտներ, այսինքն՝ գործող ունենք, բայց երբ մենք միասին պայմանաւորուենք, կարող ենք նաեւ աւելի արմատական փոփոխութիւններ մշակել եւ իրականացնել», – նշած է Միրզոյեանը։

«Իմ քայլը» խմբակցութենէն Վահագն Յովակիմեանի խօսքով՝ կը հրաւիրեն թէ՛ խորհրդարանական, թէ՛ արտախորհրդարանական ուժերը: Յառաջիկային պիտի յստակեցուի նաեւ ձեւաչափը՝ ուր եւ ինչպէս պիտի աշխատին: Ժամկէտներու սահմանափակում, ըստ Յովակիմեանի, չկայ, բայց ըսած է՝ իշխանութիւնը հաստատակամ է խորհրդարանական յաջորդ ընտրութիւնները արդէն բարելաւուած ընտրական օրէնսդրութեամբ իրականացնել։

«Հապճեպ ինչ-որ բաներ անելու խնդիր չունենք։ Մեզ պէտք է մեր Ընտրական օրէնսգիրքը եւ ընդհանրապէս նոյն Կուսակցութիւնների մասին օրէնքը, այսինքն՝ քաղաքական դաշտը կարգաւորող օրէնսդրութիւնը յղկել եւ բերել այնպիսի վիճակի, որ դա նպաստի ամբողջ քաղաքական դաշտի զարգացմանը», -ըսած է Յովակիմեանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment