Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Նախկին Փոխոստիկանապետ Լեւոն Երանոսեանի Վերաբերեալ Քրէական Գործի Նախաքննութիւնը Աւարտած է

Նախկին Փոխոստիկանապետ Լեւոն Երանոսեանի Վերաբերեալ Քրէական Գործի Նախաքննութիւնը Աւարտած է

by MassisPost

Հայաստանի նախկին փոխոստիկանապետ, ոստիկանութեան զօրքերու նախկին հրամանատար Լեւոն Երանոսեանի վերաբերեալ քրէական գործի նախաքննութիւնը աւարտած է, գործը ուղարկուած է կողմերուն՝ ծանօթացման։

Յատուկ քննչական ծառայութենէն «Ազատութեան» փոխանցած են, որ այս գործի վերաբերեալ հանդէս պիտի գան պաշտօնական հաղորդագրութեամբ գործը դատախազութիւն ուղարկելէ ետք։

Ոստիկանութեան    զօրապետ (գեներալ լեյտենանտ) Երանոսեանը կը մեղադրուի յեղափոխութեան օրերուն ոստիկանութեան կողմէ յատուկ միջոցներ կիրառելու ժամանակ պաշտօնէական լիազօրութիւնները անցնելու մէջ։

Երանոսեանի փաստաբան Տիգրան Սաֆարեանը «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է, որ իր պաշտպանեալը չէ ընդունած մեղադրանքը․ – «Ամբողջական գնահատական հիմա մանրամասն չեմ կարող տալ: Պարոն Երանոսեանը իրեն մեղաւոր չի ճանաչել, շարունակում է իր դիրքորոշմանը մնալ: Գործի նիւթերին ծանօթանալուց յետոյ մենք աւելի մանրամասն մեր դիրքորոշումը կը յայտնենք»:

Այս գործով, ըստ փաստաբան Արա Ղարակէոզեանի, կ’անցնի աւելի քան 20 տուժող․ – «Ինչպէս գիտէք, բազմաթիւ քաղաքացիներ եւ լրագրողներ մարմնական վնասուածքներ են ստացել: Կայ մօտ քսան կամ աւել տուժող․․․ Քանի որ դեռ լիարժէք չեմ ծանօթացել քրէական գործերին, շատ մանրամասներ դեռ չեմ կարող ներկայացնել: Բայց ամէն դէպքում դա դրական եմ համարում»:

Ղարակէոզեանը տուժող Եուրի Սողոյեանի շահերը կը ներկայացնէ։ Ան պատմած է, որ Սողոյեանը որպէս շարքային քաղաքացի կը մասնակցէր 16 Ապրիլին Բաղրամեան պողոտայի բողոքի ցոյցին, երբ յատուկ միջոցներու կիրառումէն վնասուեցան անոր երկու ոտքերը․ – «Նա սովորական քաղաքացի է, խաղաղ եկել էր ցոյցի, որեւէ բռնութիւն կամ հակաօրինական գործողութիւններ չի կատարել: Պարզապէս հաւաքի ժամանակ կանգնած է եղել: Այնտեղ յատուկ միջոցներ էին կիրառում Բաղրամեանում, արդիւնքում նա ստացել է մարմնական վնասուածք, բեկորային վնասուածքներ էին: Հիմա որոշ չափով լաւ է, բայց երկու շաբաթ չի կարողացել քայլել: Նոյնիսկ մինչեւ հիմա էդ բեկորները իր ոտքի մէջ են: Լիարժէք չի ապաքինուել»:

«Երանոսեանը պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուի», – ըսած է Գրիգորեանը: – «Ինքը իրա ձեռքով է գցել, էդ ապացուցուած  է․․․ Յատուկ քննչականը ունի էդ տեսանիւթերը»:

Փաստաբան Արա Ղարակէոզեանը իր հերթին կը կարծէ, որ Լեւոն Երանոսեանը պէտք է փոխհատուցի տուժողներուն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment