Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Արմէն Բայբուրդեանին Շնորհուած է Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպանի Դիւանագիտական Աստիճան

Արմէն Բայբուրդեանին Շնորհուած է Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպանի Դիւանագիտական Աստիճան

by MassisPost

ՀՀ Նախագահ Արմէն Սարգսեանը հրամանագիր ստորագրած է Արմէն Բայբուրդեանին արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի դիւանագիտական աստիճան շնորհելու մասին:

«Հիմք ընդունելով վարչապետի առաջարկութիւնը՝ համաձայն Սահմանադրութեան 132-րդ յօդուածի 3-րդ մասի եւ «Դիւանագիտական ծառայութեան մասին» Հայաստանի Հանրապե-տութեան օրէնքի 21-րդ յօդուածի 1-ին մասի.
Լոս Անճելըսում Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Վահանի Բայբուրդեանին շնորհել արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի դիւանագիտական աստիճանՙ, ըսուած է նախագահի հրամանագրին մէջ:

Յիշեցնենք, որ Արմէն Բայբուրդեանը մինչեւ 2008 թուականը ՀՀ արտաքին գործոց փոխնախարարն էր, ԵՄ-ի հետ գլխաւոր բանակցող, սակայն ներքաղաքական գործըն-թացներու հետ կապուած, այսպէս կոչուած, «Դեսպաններու ուղերձը» ստորագրելուն համար ազատուած էր աշխատանքէն եւ զրկուած դիւանագիտական աստիճանէն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment