Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Սան Փաուլոյի Գառնավալի Ընթացքին Ներկայացուած է «Կեցցէ Հայաստան» Ծրագիրը՝ Փառաբանելով Հայ-Պրազիլական Բարեկամութիւնը Ու Հայ Ժողովուրդը

Սան Փաուլոյի Գառնավալի Ընթացքին Ներկայացուած է «Կեցցէ Հայաստան» Ծրագիրը՝ Փառաբանելով Հայ-Պրազիլական Բարեկամութիւնը Ու Հայ Ժողովուրդը

by MassisPost

Սան Փաուլոյի աշխարհահռչակ Գառնավալի ընթացին, Մարտ 3-ին ելոյթ ունեցած է Պրազիլական «Ոսկէ Վարդեր» սամպայի դպրոցը՝ «Կեցցէ Հայաստան» անուամբ ծրագրով: Ծրագիրը բաղկացած է 5 մասերէ՝ դրախտ, Հայ հերոսներ, Քրիստոնէութիւն, Հայաստանի մշակոյթ եւ հրապարակ:

Ներկայացման հեղինակ Անտրէ Մաշադօն, անդրադառնալով Հայոց պատմութեան կարեւորագոյն շրջաններուն՝ սկսած Նոյ նահապետէն մինչեւ նորօրեայ Հայաստանը, համապատասխան զարդարանքներով եւ գունագեղ հայկական տարազներով, եռագոյնով եւ զինանշանով, ներկայացուած է հինաւուրց հայ մշակոյթը եւ վերածնուած Հայաստանը:

carnival-4

Անիւներու վրայ շարժող տաղաւարներով հայկական մշակոյթը ներկայացուած է տարբեր կողմերէ` Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան ընդունումը, Կոմիտասի կռունկը, հայկական տառերը եւ այլն: Պարահանդէս-շքերթի ամբողջ ընթացքին հնչած է այս առիթով յատուկ գրուած երգը, որ, ինչպէս եւ ամբողջ ծրագիրը վերնագրուած էր «կեցցէ Հայաստանՙ: Այդպիսով կը փառաբանուէր հայ-պրազիլական բարեկամութիւնն ու հայ ժողովուրդը:

carnival-5

Պրազիլի մեծագոյն լրատուամիջոցներէն «Globo» ընկերութեան լրագրողները մանրամասն կը մեկնաբանէին բեմականացումը` յատուկ անդրադարձ կատարելով Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան եւ Մեծ Եղեռնից մազապուրծ եղած հայերու ճակատագրին, որոնց մէկ ստուար զանգուածը հաստատուած է Սան Փաուլոյի մէջ եւ մեծ ներդրում ունեցած է երկրի բարգաւաճման գործին մէջ:

carnival-2

Աշխարհի 140 երկիրներու մէջ հեռարձակուած եւ 65 վայրկեան տեւողութեամբ ներկայացումը ունեցած է կարեւորագոյն քաղաքական, մշակութային, կրթական եւ քարոզչական նշանակութիւն:
«Ոսկէ Վարդեր» սամպայի դպրոցը հիմնուած է 1971 թուականին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment