Մարտ 1-ի երեկոյեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ Երեւանի մէջ բազմամարդ երթ իրականացուած ի յիշատակ 2008 թուականի մարտիմէկեան իրադարձութիւններու զոհերուն:
Երթը մեկնարկած է Երեւանի Ազատութեան հրապարակէն, անցած Մաշտոցի պողոտայով, Գրիգոր Լուսաւորիչ փողոցով եւ աւարտած Միասնիկեանի արձանի մօտ:
Երթին մասնակցած էին նաեւ վարչապետի տիկին Աննա Յակոբեանը եւ անոր դուստրերը, Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանն ու անոր տիկինը, Երեւանի քաղաքապետ Հայկ Մարութեանը, պատգամաւորներ եւ կառավարութեան անդամներ:
Վարչապետ Փաշինեանը ծաղկեպսակ դրած է Միասնիկեանի արձանին եւ յարգանքի տուրք մատուցած բոլոր զոհերու յիշատակին:
Աւելի վաղ իր մարտիմէկեան ուղերձին մէջ վարչապետը ըսած էր՝ «Մենք այս քայլերթով մեր յարգանքի տուրքը կը մատուցենք Մարտի 1-ի, քաղաքական բոլոր սպանութիւնների զոհերին եւ մեր վճռական ոչը կ’ասենք բռնութիւններին, անարդարութեանը, ապօրինութիւններին, փտածութեան, ընտրակեղծիքներին, իրաւունքների ոտնահարմանը»:
Յիշեցնենք, որ լրացած է մարտիմէկեան արիւնալի իրադարձութիւններու 11-րդ տարին։
2008 թուականի մարտ 1-ին վաղ առաւօտեան ոստիկանները յարձակած էին Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ գիշերող ընդդիմադիր ցուցարարներուն վրայ, որոնք իրենց բողոքը յայտնած էին նախագահական ընտրութիւններու պաշտօնական արդիւնքներուն դէմ:
Նոյն օրը աւելի ուշ Ալեքսանտր Միասնիկեանի արձանին յարող հրապարակին եւ անոր մերձակայքը գտնուող ցուցարարներու եւ ուժայիններու միջեւ սկիզբ առած բախումներու հետեւանքով տասը մարդ զոհուած էր, հարիւրաւոր մարդիկ՝ վիրաւորուած: