Home ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ Հայց. Եկեղեցւոյ Գանատայի Թեմի Յայտարարութիւնը ՀԲԸՄ-ի Թորոնթոյի Կալուածի Գնման Մասին

Հայց. Եկեղեցւոյ Գանատայի Թեմի Յայտարարութիւնը ՀԲԸՄ-ի Թորոնթոյի Կալուածի Գնման Մասին

by MassisPost

Այսու, Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Գանատայի թեմը մեծ ուրախութեամբ կը յայտարարէ եկեղեցւոյ իր զաւակներուն եւ համայն թորոնթոհայութեան, որ ի գործ դնելով 29 Յունուար 2019-ին վաճառքի դրուած Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան կալուածի գնման առաջին իր իրաւունքը, 28 Փետրուար 2019-ին Armen Ontario-էն գնեց ՀԲԸՄ-ի կալուածը, որ կը գտնուի 930 Progress Avenue-ի վրայ, հանդիսանալով սոյն կալուածի օրինական տէրը։

Այս առթիւ, Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Գանատայի Թեմը շնորհակալութիւն կը յայտնէ գանատահայ համայնքին ընդհանրապէս, եւ Թորոնթոյի Սբ. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ համայնքի զաւակներուն՝ յատկապէս, վերջին չորս ամիսներու ընթացքին իրենց անվերապահ դիրքորոշումին եւ ցուցաբերած բարոյական աջակցութեան համար: Յաղթահարելով բոլոր խոչընդոտները, իրականութիւն դարձուցինք վերոյիշեալ կալուածը գնելու առաջին մեր իրաւունքը։

Սոյն կալուածի պատմական այս ձեռքբերումը հարթակ կը հանդիսանայ երիտասարդ նոր սերունդին հետեւելու իրենց նախորդներու ուղիէն եւ իրականացնելու նոր երազներ յետագայ սերունդներուն համար, բաւարարելու մեր համայնքի համար անհրաժեշտ եւ կարեւոր նկատուող պահանջները։

Արդ, Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Գանատայի Թեմը մեծապէս կը գնահատէ անվերապահ նուիրումը եւ ցուցաբերած աշխատանքը Գանատահայոց Թեմի Փոխ Առաջնորդ եւ Սբ. Երրորդութիւն Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տէր Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեանին եւ այս առթիւ կազմուած յատուկ յանձնախումբի անդամներուն՝ Օհան Օհաննէսեանին, Ժագ Ստեփանեանին, Ռոզին Իմաստունեանին եւ Արա Պոյաճեանին։

ԹԵՄԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ, Հայց. Առաք. Սուրբ Եկեղեցւոյ Գանատահայոց Թեմի
ԿԱԼՈՒԱԾՈՑ ԱՒԱՆԴԱՊԱՀ ՄԱՐՄԻՆ, Հայց. Առաք. Սուրբ Եկեղեցւոյ Գանատահայոց Թեմի
ԾԽԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ, Սուրբ Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ

1 Մարտ, 2019, Թոթոնթօ

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment