Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ԱԱԾ Տնօրէն․ Ոչ Մէկ Թիզ Հող Յանձնելու Նպատակ Ունինք

ԱԱԾ Տնօրէն․ Ոչ Մէկ Թիզ Հող Յանձնելու Նպատակ Ունինք

by MassisPost

Ոչ մէկ թիզ հող   յանձնելու նպատակ ունինք, այլ ընդհակառակը՝ մեր հողերուն վրայ պէտք է ապրին մեր հայրենակիցները, այսպիսի յայտարարութիւն ըրած է Հայաստանի անվտանգութեան համար պատասխանատու բարձրաստիճան պաշտօնեան՝ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Արթուր Վանեցեանը:

Վանեցեանը աշխատանքային այցով Լեռնային Ղարաբաղ էր եւ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ այցելած էր Հադրութէն հարաւ ինկած՝ Արաքս գետին յարող հատուած, ուր, ըստ Արցախի հանրային հեռուստատեսութեան, կը կառուցուի նոր բնակավայր՝ Արաքսաւանը, 150 առանձնատուներով եւ համայնքային նշանակութեան շինութիւններով:

«Ծրագիրը, որը անուանում ենք վերաբնակեցման ծրագիր, որը իմ եւ ոչ միայն իմ, այլեւ բոլորի առարկայական գնահատականով՝ մեր երկրի անվտանգութեան հիմնական երաշխիքն է լինելու, որովհետեւ այն խօսքերը, արտայայտութիւնները եւ այն մարդիկ, որոնք միշտ շահարկում են այն թեման, որ հողերը յետ են տալու, բանակցելու են, զիջելու են եւ այլն, այդ ծրագրի իրականացման արդիւնքում, մենք յստակ ուղերձ ենք տալիս ողջ հայ ժողովրդին եւ ողջ աշխարհին, որ մենք ոչ մի թիզ հող յետ տալու մտադրութիւն չունենք, այլ ընդհակառակը՝ մեր հողերում պէտք է բնակուեն մեր հայրենակիցները եւ շէնացնեն մեր երկիրը», – ըսած է Վանեցեանը։

Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Դաւիթ Բաբայեանը «Ազատութեան» փոխանցած է՝ շատ կարեւոր է, որ նման յայտարարութիւն ըրած է Հայաստանի բարձրաստիճան պաշտօնեան:

«Սա նշանակում է, որ իրօք Արցախը, նրա անվտանգութիւնը հայոց պետականութեան անվտանգութեան գերխնդիրներից է։ Որպէսզի Արցախը լինի աւելի անվտանգ, որպէսզի աւելի հզօր լինի եւ տինամիք զարգանայ, դրա կարեւոր ուղղութիւններից մէկը վերաբնակեցումն է, բնակչութեան, էսպէս ասած, թուաքանակի աճն է», – նշած է Բաբայեանը։

Քաղաքական մեկնաբան Յակոբ Պատալեանը ուշադրութիւն հրաւիրած է այն հանգամանքին վրայ, որ նման յայտարարութիւն կ’ընէ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնը:

«Սա յատուկ պաշտօն է, մեծ հաշուով, եւ էս յատուկ պաշտօնից, յատուկ կարգավիճակից էդպիսի յայտարարութիւն է հնչում, եւ առանձնայատուկ պատասխանատուութեամբ։ Էս տեսանկիւնից իսկապէս շատ կարեւոր էր եւ լայն իմաստով, կարծում եմ, նշանակում է Հայաստանի ընդհանրապէս պետական ռազմավարութեան ձեւափոխութեան ազդարարում, մենք էսպիսի յայտարարութիւններ, նաեւ տարբեր այլ յայտարարութիւններ լսել ենք ոչ էսպիսի անմիջական ձեւակերպումով, եւ հիմա նաեւ ականատես ենք լինում այս առանձնայատուկ ձեւակերպմանը», – ընդգծած է Պատալեանը։

«Ազատութեան» զրուցակցի խօսքով, նախորդ տարիներու ընթացքին ղարաբաղեան խնդրին վերաբերեալ Հայաստանի իշխանութիւնները որդեգրած էին ռազմավարութիւն մը, որ, մեծ հաշուով, անյարիր էր պատերազմին յաղթող կողմի ռազմավարութեան:

«Հայաստանը արցախեան առաջին պատերազմի արդիւնքով ամրագրել է տարածաշրջանային անվտանգութեան մի նոր «սթաթուս քո» եւ մի համակարգ, յետոյ իր քաղաքականութեամբ եւ պետական ռազմավարութեամբ փաստացի յայտնուել է իր ստեղծած իրավիճակին հակոտնեայ տրամաբանութեան մէջ։ Սա բերել է լրջագոյն խնդիրների, որոնք պայթեցին ապրիլեան քառօրեայ պատերազմով, եւ դրանից յետոյ առաւել ակնառու դարձաւ, որ եթէ մենք, որպէս պետականութիւն, դուրս չգանք էդ ռազմավարութիւնից եւ չվերադառնանք յաղթողի տրամաբանութեամբ ռազմավարութիւն, մենք կ’ունենանք լրջագոյն խնդիրներ եւ էդ խնդիրների լուծման հարցում չենք ունենայ լրջագոյն միջազգային աջակցութիւն, որը ունեցել ենք Արցախեան շարժման եւ պատերազմի փուլում», – ըսած է Պատալեանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment